Վանի Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Կառուցուած Արտաքնոցները Քանդելու Որոշումը Չէ Գործադրուած

Աշխարհ, Էրկիր

Վանի մէջ հայկական գերեզմանատան վրայ 2017-ին կառուցուած արտաքնոցները, ինքնաշարժներու կանգառը եւ հանդերձարանները մինչեւ այսօր տակաւին չեն քանդուած, հակառակ Նոյեմբեր 2017-ին, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլմուշի այն խոստումին, թէ այդ կառոյցները 60 օրէն պիտի քանդուին:

Հայկական գերեզմատունը սրբապղծող այս կառոյցները շինուած էին Վան նահանգի Արտամէտ քաղաքի (Էտրեմիթ) քաղաքապետարանին մէջ իբրեւ հոգաբարձու նշանակուած Աթըֆ Չիչեքլիի նախաձեռնութեամբ:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան օրին հարցը բերած էր խորհրդարանի օրակարգ, որմէ ետք մշակոյթի նախարար Քուրթուլմուշ յայտարարած էր, որ այդ շինութիւնները պէտք է քանդուին: Սակայն, Արտամէտի քաղաքապետարանը ցարդ կը մերժէ ենթարկուիլ նախարարութեան հրահանգին՝ պնդելով, թէ այդ տարածքին մէջ հայկական գերեզմաննոց չկայ:

Նշուած վայրը հայկական թաղամաս եղած է Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ յայտնի է իբրեւ աշխարահռչակ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի ծննդավայր: