Նոր Նշանակումներ՝ Կառավարութեան Մէջ

Հայաստան

Հոկտեմբեր 2-ին պաշտօնէ հեռացուած ՀՅԴ եւ ԲՀԿ նախարարներուն փոխարէն Նիկոլ Փաշինեան նոր նախարարներ նշանակած է։

Հոկտեմբեր 4-ին hիմք ընդունելով վարչապետին առաջարկը, նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց հրամանագիրներ, որոնցմով՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ֆելիքս Ցոլակեան նշանակուեցաւ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար, Տիգրան Բալայեան կը նշանակուի Հոլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը՝ Լա Հէյ), Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարարի առաջին տեղակալ Յակոբ Արշակեան կը նշանակուի նոյն գերատեսչութեան նախարար, Գարեգին Բաղրամեան՝ ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար: