Արցախի Մէջ Հոկտեմբեր 6-ին Սուգ Յայտարարուած է Շառլ Ազնաւուրի Մահուան Առիթով

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 5-ին ստորագրած է հրամանագիր, որու համաձայն ` մեծանուն հայ٫ աշխարհահռչակ երգիչ٫ երգահան٫ գրող٫ դերասան եւ հասարակական գործիչ٫ Հայաստանի ազգային հերոս Շառլ  Ազնաւուրի  մահուան առիթով Հոկտեմբեր 6-ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ սուգ յայտարարուած է:

Ինչպէս կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, նախագահին հրամանագիրով` Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան٫ նախարարութիւններուն, գերատեսչութիւններուն, շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներուն, Ստեփանակերտի քաղաքապետին` Արցախի Հանրապետութեան մէջ եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւններու մէջ յանձնարարուած է սգոյ օրը խոնարհել Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը: