Շառլ Ազնաւուրի Յիշատակին «Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք՝ Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Սփիւռք

Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբերին, Ազգային առաջնորդարանը միացաւ աշխարհահռչակ երգիչ-արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի մահուան սուգին։ Ան տիտանեան երգիչ մըն էր, մարդասէր գործիչ ու Հայաստանի ազգային հերոս, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած ծնողներու ժառանգորդ։

Այս առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ցաւակցական գիր մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոս Քրիսթոֆ Լըմուանի։ Առաջնորդ սրբազանը Ազնաւուրի մահը մեծ կորուստ նկատեց Ֆրանսայի, հայութեան ու երաժշտական աշխարհին համար, որովհետեւ ան բոլորէն սիրուած էր։ Առաջնորդը նաեւ ըսաւ, որ կը սգանք կորուստը ոչ միայն արուեստագէտ երգիչի մը ու երգահանի մը, այլեւ՝ մարդասէր գործիչի մը եւ դիւանագիտական անձնաւորութեան մը, որ մեծ ներգործութիւն ունեցած է բազմաթիւ արուեստագէտներու, երաժշտասէրներու եւ առհասարակ զանգուածներու վրայ, իր արուեստի արտայայտութիւններով ու մարդասիրական գործունէութեամբ։ Հայ ժողովուրդը յարգանքով կը խոնարհի անոր յիշատակին առջեւ, յատկապէս երախտապարտ ըլլալով, որ մեծ ծառայութիւն մատուցած է հայութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչումին ու Հայ Դատին։ «Շառլ Ազնաւուր է՛ր ու պիտի մնայ տիտան մը, ու վստահ ենք, որ անոր արուեստի ու մշակութային ա-ւանդը պիտի ապրի տասնամեակներ շարունակ», եզրափակեց առաջնորդը։

Նաեւ, սրբազան հօր տնօրինումով, Կիրակի, 7 Հոկտեմբերին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. պատարագի «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի արուեստագէտին յիշատակին։

Առաջնորդը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

«Թող Աստուած օրհնէ հանգուցեալ արուեստագէտին ժառանգութիւնն ու մխիթարութիւն պարգեւէ հարազատներուն», նշուած է Ազգային առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։