Մարսէյլի եւ Իսի Լէ Մուլինոյի Համերգասրահները Պիտի Կրեն «Ազնաւուր» Անունը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ֆրանսայի Մարսէյլ եւ Իսի Լէ Մուլինօ քաղաքներուն մէջ Շառլ Ազնաւուրի անունով համերգասրահներ անուանակոչուած են:

Փարիզին յարակից հայաշատ Իսի Լէ Մուլինոն Էջմիածնի քոյր քաղաք է:

Հանրայայտ երգիչին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու համար քաղաքային իշխանութիւնները միաձայն որոշած են Իսի Լէ Մուլինոյի «Palais de Congrès» համերգասրահը Շառլ Ազնաւուրի անունով վերանուանել:

Միտքը փոխքաղաքապետ Արթուր Խանջեանինն է, որ իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ նշած է, որ բոլորովին դժուար չէ եղած քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին համոզել, քանի որ քաղաքապետը Ազնաւուրի հետ լաւ եւ ընկերական յարաբերութիւններ ունէր:

Մարսէյլի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտան յայտնած է, որ քաղաքի «Սիլօ» համերգասրահը այսուհետեւ Շառլ Ազնաւուրի անունը պիտի կրէ: Նման առաջարկով հանդէս եկած էր փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փարաքեանը:

«Մեր քաղաքի խորհրդանշական վայրերէն մէկը այսուհետեւ Շառլ Ազնաւուրի անունը պիտի կրէ: Հանրայայտ երգիչը կը սիրէր այցելել Մարսէյլ եւ սա պիտի ըլլայ անոր` իր սիրելի քաղաքին կողմէի յարգանքի տուրք: Սա նաեւ մեր քաղաքի հիւրընկալութեան վկայութիւնն է, որ արուեստագէտը այդքան կը գնահատէր: Մեր քաղաքը բաց է բոլորին առջեւ, անիկա Միջերկրական ծովու «դուռն» է, ուր իւրաքանչիւր համայնք, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքը` հարուստ պատմութեամբ, մշակոյթով եւ ուժականութեամբ, իր տեղը կը գտնէ», – նշած է քաղաքապետը իր յայտարարութեան մէջ:

Էլլադա Ղուկասեան, «Մետիամասք»