Սթափեցնող Կոչ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վահրամ Էմմիեան

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի հարցով ուքրանացի համազեկուցող Եուլիա Լովքոչքինա Հայաստանի վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ կատարեց ուշագրաւ յայտարարութիւններ: Ան նշեց. «Թէեւ կը հասկնանք արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու կոչը, սակայն իշխանութիւններուն եւ բոլոր քաղաքական շահագրգիռ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` երաշխաւորելու, որ արտակարգ ընտրութիւնները կայանան եւրոպական չափանիշներուն ու ժողովրդավարական ընտրութիւններուն համար անհրաժեշտ օրէնքներուն համապատասխան եւ բոլոր քաղաքական ուժերը ունենան պատշաճ ու բաւականաչափ ժամանակ ընտրութիւններուն պատրաստուելու համար»:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ պատշաճ խորհրդակցութիւններու եւ համաձայնութեան համար բաւականաչափ ժամանակի անհրաժեշտութիւնը յատուկ կերպով կարեւոր է հաւանական սահմանադրական որեւէ փոփոխութեան ծիրին մէջ, որ պէտք չէ հապճեպ իրականացուի:

Կեցուածքներ, որոնք համահունչ են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հրապարակած յայտարարութեան եւ ՀՅԴ-ի բազմիցս արտայայտած կեցուածքներուն, որոնք «հակայեղափոխական» պիտակուեցան: Եւ ահա ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողը ճիշդ նոյն բաները կը յանձնարարէ եւ ՀՅԴ-ի նման շեշտը կը դնէ ժամանակ-որակ զուգահեռին վրայ` ընդգծելով, որ առանց բաւարար ժամանակի կարելի չէ որակ ունենալ: Սակայն, այս պարագային ուշադրութիւնը ՀՅԴ-ի կեցուածքին առարկայական ճշմարտութենէն շեղելու եւ անոր ճիշդ ընկալումը արգելակելու համար օգտագործուող, մարդկային պարզ տրամաբանութիւնը եւ ըսուած խօսքը ընկալելու կարողութիւնը ամլացնող «սեւերու եւ սպիտակներու» եւ «յեղափոխականներու եւ հակայեղափոխականներու» հնարքը կարելի չէ օգտագործել:

ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողին կոչը սթափեցնող է եւ կ՛արտացոլէ առանց լուրջ աշխատանքի, աճապարանքով խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու մտադրութեան նկատմամբ անոր մտահոգութիւնը: