Զոհրապ Մնացականեան Հանդիպած է Սուրիոյ Հարցով ՄԱԿ-ի Յատուկ Բանագնացին Հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ բանագնաց Սթաֆան տէ Միսթուրայի հետ:

Սեպտեմբեր 26-ին կայացած հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Սուրիոյ մէջ մարդասիրական իրավիճակի բարելաւման ուղղուած հնարաւոր քայլերու շուրջ:

Մնացականեան նշած է, որ Հայաստան բազմիցս արտայայտած է իր լուրջ մտահոգութիւնը Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի եւ ատոր հետեւանքով Սուրիոյ հայերու անվտանգութեան առնչութեամբ: Ան ըսած է, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու եւ ընդարձակելու մարդասիրական առաքելութիւնը` ուղղուած Սուրիոյ հայ համայնքի հրատապ կարիքներու բաւարարման: