Արցախի Բոլոր Մարտական Յենակէտերն ու Դիրքերը Ապահովուած են Մշտական Ջուրով

Հայաստան, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 26-ին Պաշտպանութեան Բանակի արեւելեան ուղղութեամբ գործող զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասերէն մէկուն մէջ կազմակերպուած էր հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած պաշտպանական շրջանի բոլոր մարտական դիրքերն ու յենակէտերը մշտական ջուրով ապահովելու աշխատանքներու աւարտին, որ իրականութիւն դարձած է ֆրանսահայ բարերար Ժաք Մաթոսեանի, Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան ու ՊԲ հրամանատարութեան գործուն համագործակցութեան շնորհիւ: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Առաջնագիծին վրայ մշտական ջուրի առկայութիւնը էական ազդեցութիւն պիտի ունենայ մարտական հերթապահութեան կազմակերպման որակի բարձրացման վրայ, պիտի  նպաստէ անձնակազմի կենցաղային կարիքները հոգալուն, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն պիտի տայ ծրագրելու եւ իրականացնելու աւելի մեծ ծաւալի երկրաչափական աշխատանքներ:

Աւելցնենք նաեւ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով, ֆրնասահայ բարերար Ժաք Մաթոսեան պարգեւատրուած է ‹‹Վաչագան Բարեպաշտ›› մետալով: Բարձր պարգեւը անմիջապէս առաջնագիծին վրայ հասցէատիրոջը  յանձնած է բանակի հրամանատարի ԱՀՏԱ գծով տեղակալ, զօրավար Վարդան Բալայեան: