Մեծ Պատիւ Է Ողջոյնի Խօսքով Դիմել Նելսոն Մանտելային Նուիրուած Խաղաղութեան Վեհաժողովին. ՀՀ Վարչապետ

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սեպտեմբեր 24-ին, ՄԱԿ-ի մէջ մասնակցած է «Թմրանիւթերու համաշխարհային խնդիրի լուծման ուղղուած գործունէութեան միջազգային կոչ» նիւթով վեհաժողովին:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուած է Նելսոն Մանտելային նուիրուած խաղաղութեան վեհաժողովի բացումին, որուն ներկայ եղած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ ՄԱԿ-ի 73-րդ Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի աշխատանքային քննարկումներուն մասնակցող բազմաթիւ պետութիւններու առաջնորդներն ու կառավարութիւններու ղեկավարները:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան նշած է.

«Ինծի համար մեծ պատիւ է ողջոյնի խօսքով դիմել Նելսոն Մանտելային նուիրուած խաղաղութեան վեհաժողովին, որ կ՛ոգեկոչէ այդ սրբադաս քաղաքական առաջնորդի 100-րդ տարեդարձը: Մանտելայի կերպարը կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն եւ մարդկային արժանապատւութիւն, միաժամանակ մարմնաւորելով աննկուն պայքար եւ կարեկցանք:

Անոր անունը խորապէս արմատաւորուած է մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ` իբրեւ ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յառաջամարտիկ, արդարութեան եւ հաւասարութեան ջատագով:

Տիկնայք եւ պարոնայք, միայն կէս տարի առաջ Հայաստանի ժողովուրդը մերժեց վախը, ընդվզեցաւ անարդարութեան դէմ եւ փողոց ելաւ` պահանջելու իր հիմնարար իրաւունքները, ազատութիւնն ու արժանապատւութիւնը: Երբ Երեւանի փողոցներուն մէջ կը ծաւալէին բախտորոշ իրադարձութիւններ, ինծի հարցուցին, թէ արդեօք ես ունէի՞ առաջնորդի իմ տեսլականը, որ կ՛ոգեշնչէր զիս իմ ժողովուրդիս ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն բերելու ջանքերուն մէջ, ես պատասխանեցի` այո, կայ այդպիսի առաջնորդ:

Իսկ այդ առաջնորդը Նելսոն Մանտելան է: Ըլլալով նախկին քաղաքական բանտարկեալ` ես մտովի կը վերարծարծէի եւ կը վերապրէի այդ նշանաւոր քաղաքական բանտարկեալի քաղաքական ուղին եւ կեանքին  պատմութիւնը, որ պիտի փոխէր իր երկիրը եւ իրագործէր միլիոնաւոր մարդոց ձգտումները: Ինչպէս Մանտելան առիթով մը ըսած է. «Ես յանկարծ հասկցայ, որ քաջութիւնը ոչ թէ վախի բացակայութիւնն է, այլ յաղթանակը անոր նկատմամբ: Քաջ մարդը ոչ թէ ան է, որ չի վախնար, այլ ան, որ կը յաղթահարէ այդ վախը»: Այս խօսքերը, որ ազդեցութիւն ունեցած են իմ գիտակցութեանս վրայ, նպաստած են իմ քաղաքական ինքնութեան եւ տեսլականի ձեւաւորումին, զիս կ՛ոգեշնչէին սկսելու իմ սեփական քայլարշաւը յանուն ազատութեան` իմ երկրի քաղաքներուն եւ այլ բնակավայրերու մէջ:

Տոգորուած Մանտելայի իտէալներուն ճշմարիտ ոգիով` մեր շարժումը  աշխարհին յայտնի դարձաւ իբրեւ «Հայկական սիրոյ եւ համերաշխութեան ոչ բռնի թաւշեայ յեղափոխութիւն»: Եւ հիմա, մեր ժողովուրդի յաջողութիւններէն քանի մը ամիս ետք, ես այս վեհաժողովի բարձր ամպիոնին կանգնած եմ իբրեւ ժամանակակից Հայաստանի կառավարութեան ղեկավար` արժեւորելու այդ մեծ մարդուն  ժառանգութիւնը, որուն քաջութիւնը եւ վճռականութիւնը օրինակ կը  ծառայեն բովանդակ մարդկութեան:

Տիկնայք եւ պարոնայք,

Ես կու գամ շրջանէ մը, ուր, ցաւօք սրտի, արիւնոտ տագնապները, կառավարման փտած համակարգը եւ մարդոց միջեւ թշնամանքը յաճախ կը ստուերեն սիրոյ իմաստութիւնն ու խաղաղ գոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Կ՛ըսեն, թէ ժողովրդավար ազգերը իրար դէմ չեն պատերազմիր: Յոյս ունիմ, որ օր մը մեր շրջանի ժողովրդավարական զարգացումը կը բացառէ զինուորական գործողութիւնները, պատերազմներու եւ ատելութեան վտանգները: Հայաստանը հաստատապէս կ՛ընթանայ այս ճամբով եւ անվերապահօրէն կողմ է շրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ հաշտեցման:

Տիկնայք եւ պարոնայք,

Այս տարի մենք պիտի նշենք Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի եւ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ դատապարտման ՄԱԿ-ի ուխտի ընդունման 70-րդ տարեդարձը:

Ասիկա մեզի կարելիութիւն մը եւս կու տայ խորհելու այն մասին, թէ ինչո՛ւ մինչեւ այսօր մարդկութիւնը պաշտպանուած չէ խտրականութենէ, անհանդուրժողականութենէ, այլատեացութենէ, հալածանքէ եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած այլ յանցագործութիւններէ:

Նելսոն Մանտելայի կեանքն ու պայքարը մեզի կը յուշեն, թէ ի՛նչ քայլեր  անհրաժեշտ են եւ ի՛նչ կարելի է ընել, որովհետեւ ան կը քարոզէր, որ «ոչ ոք կը ծնի ուրիշը ատելու համար … եւ եթէ մարդիկ կրնան ատել սորվիլ, ուրեմն անոնց կարելի է նաեւ զիրար սիրել սորվեցնել:

Շնորհակալութիւն»:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ հայկական պատուիրակութեան անդամները եղած են նաեւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղադրուած 12-13-րդ դարու հայկական խաչքարին մօտ: