Թուֆենկեան Բարեգործական Հիմնադրամը կը Նշէ Արցախի Մէջ Իր Գործունէութեան 15-ամեակը

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Սեպտեմբեր 25-ին, ընդունած է Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը, որ Արցախ ժամանած է  հանրապետութեան մէջ հիմնադրամի գործունէութեան 15-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ իրականացուող եւ նախատեսուող ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատած է Թուֆենկեան հիմնադրամի գործունէութիւնը Արցախի մէջ, ուր՝ կառոյցին անմիջական մասնակցութեամբ՝ կեանքի կոչուած են բազմաթիւ կարեւոր ծրագիրներ, եւ յոյս յայտնած, որ հիմնադրամը այսուհետեւ եւս նոյն եռանդով պիտի  շարունակէ իր հայրենանուէր առաքելութիւնը հանրապետութենէն ներս: