Հայրենադարձութիւնը Համահայկական Պատասխանատւութիւն է

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վարդան Թաշճեան

Հայաստանի մէջ ժողովրդային ճնշման տակ Սերժ Սարգսեանի հեռացումէն ետք ձեւաւորուած կառավարութեան նոր պետը` Նիկոլ Փաշինեան, իբրեւ վարչապետ իր առաջին յայտարարութիւններէն մէկով ըսաւ, որ իր մեծագոյն երազը Մեծ հայրենադարձութիւնն է:

Այնուհետեւ, Սփիւռքի նորանշանակ նախարարը՝ երկու տարբեր առիթներով՝ անդրադարձաւ հայրենադարձութեան խնդիրին. ան հաստատեց, որ Հայաստանը, նիւթական միջոցներու անբաւարարութեան պատճառով, ներկայ եւ մօտ ապագայի ժամանակներուն ի վիճակի չէ կազմակերպելու մեծ հայրենադարձութիւն, եւ երկրորդ` կարծիք յայտնեց, որ հայրենադարձութեան ուղղուած կառավարութեան ծրագիրներու առաջնային թիրախը կրնան ըլլալ վերջին երեք տասնամեակներուն Հայաստանէն հեռացածները, եւ ոչ` աւանդական Սփիւռքի ներկայացուցիչները:

Փաշինեանի յայտարարութենէն կարելի է հասկնալ, որ ինք եւ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը գիտակից են երկրի ժողովրդագրական տագնապին եւ անորմէ բխող սպառնալիքներուն, հաւատացած են, որ Հայաստանը կարիքը ունի աշխատող ձեռքերու, մասնագէտներու, տարբեր մշակոյթներու եւ տնտեսական դրութիւններու մէջ ձեւաւորուած մարդոց ներդրումին` լուծելու համար երկրին առջեւ ծառացած խնդիրները` բազում հարթութիւններու վրայ եւ վերջապէս, կը դաւանին, որ Հայաստանը տունն է բոլոր հայերուն:

Նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ըսածները, անշուշտ, կը վերաբերին հայրենադարձութեան գործնական կողմին: Հայրենադարձութիւն կազմակերպելու սեփական հնարաւորութիւններու սահմանափակութեան եւ առաջնահերթ թիրախային խումբերու մասին անոր դիտարկումները կարեւոր են հասկնալու համար, թէ այս գետնի վրայ ինչ փոփոխութիւններ կարելի է սպասել Հայաստանի նոր կառավարութենէն. սակայն, առաւել առարակայականը այն է, որ թերեւս առաջին անգամ ըլլալով՝ Հայաստանի պետական ներկայացուցիչ մը հայրենադարձութեան մասին խօսեցաւ սեփական կառավարութեան պատասխանատւութեան դիտանկիւնէն: Բոլորովին այլ բան է, երբ պետութիւնը քու վերադարձիդ կը սպասէ` այդ ընթացքին գործի դնելով ընդամէնը կոչեր, եւ այլ բան, երբ վերադարձիդ կը վերաբերի իբրեւ սեփական ծրագիր, զայն համարելով կարեւոր բաղադրամաս` երկրի հզօրացման եւ յառաջընթացի իր հայեցակարգին: Այս առումով, նոր մօտեցում մը արձանագրուած պիտի ըլլար, եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը սկսած ըլլար քննարկելու հայրենադարձութեան թիրախները, մեխանիզմներն ու հնարաւորութիւնները, այդ գործին ներգրաւելով մասնագէտներ, շահագրգիռ մարդիկ եւ կազմակերպութիւններ` Սփիւռքէն:

Հայաստանը ուշ կամ կանուխ պարտաւոր է ունենալու յատուկ օրէնք հայրենադարձութեան մասին եւ հայրենադարձութիւն իրականացնող ազգային գործակալութիւն: Օրէնքի նախագիծ մը կայ, որ հաստատուած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ 2011-ի Մայիսին, բայց որ երբեք չէ ներկայացուած Ազգային ժողովի քննարկման. հաւանաբար օրուան իշխանութիւններն ալ կը գիտակցէին, որ արտագաղթի տարուէ տարի արագացող կշռոյթի պայմաններուն մէջ, երբ իրենց հանդէպ չկար վստահութիւն ոչ երկրին մէջ եւ ոչ ալ երկրէն դուրս, նման օրէնքի մը քննարկումը ծանր հեգնանք պիտի համարուէր, նետուած իրականութեան եւ բանականութեան երեսին:

Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը այսօր կը ներկայանայ այլ պատկերով. ան յանձնառու է երկրի տնտեսութեան առողջացման, փտածութեան վերացման, օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութեան հաստատման, ազգային շահերու անվերապահ պաշտպանութեան եւ հանրային գործին մէջ ժողովուրդի աշխոյժ մասնակցութիւնը քաջալերելուն, ինչ որ պէտք է մղեն Սփիւռքի կառոյցները ձեռք երկարելու իրեն եւ օգնելու, որ կարենայ իրականացնել իր ստանձնած պատասխանատւութիւնները` նաեւ հայրենադարձութեան համար: