«Հայ ֆէստ» Թատերական Փառատօնին Ընթացքին Աւելի Քան Քառասուն Ներկայացում Պիտի Ցուցադրուի

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

«Հայ  ֆէստ» միջազգային թատերական փառատօնը այս տարի պիտի հիւրընկալէ 22 երկրէ ժամանած աւելի քան 250 մասնակից եւ հիւրեր Սպանիայէն, Գերմանիայէն, ԱՄՆ-էն, Շուէտէն, Զուիցերիայէն, Եգիպտոսէն եւ այլ երկիրներէ: Երեւանեան 13 բեմահարթակի վրայ պիտի ցուցադրուի 40 ներկայացում:

16-րդ «Հայ  ֆէստ»-ը պիտի իրականացուի Սեպտեմբեր 28-Հոկտեմբեր 5: Անիկա կը կրէ «Հայ ֆէստ՝ անցում դէպի թատերաշխարհ» խորագիրը:

«Փառատօնը պիտի սկսի Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական ուսումնարանի ուսումնական թատրոնին մէջ՝ լեհական-պրազիլական-հայկական-վրացական համատեղ նախագիծով: Փառատօնի առաջին երեք օրը պիտի իրականացուի լեհական ժամանակակից պարի հարթակ, այսինքն` ամէն օր պիտի ցուցադրուի մէկ ներկայացում: Ամսու 1-էն սկսեալ` ամէն օր պիտի ներկայացուի 8 բեմադրութիւն, պիտի ըլլան խորհրդաժողովներ, վարպետութեան դասեր»,- Սեպտեմբեր 25-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին՝ նշած է փառատօնի նախագահ Արթուր Ղուկասեան, կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:

Թատերասէրները հնարաւորութիւն պիտի ունենան դիտելու դրամատիկական, երաժշտական, պարային, մոնոներկայացումներ, տիկնիկային, ֆիզիքական, շարժման, կրկէսային, մանկական, ինչպէս նաեւ բացօթեայ բեմադրութիւններ:

Ղուկասեանի խօսքով` փառատօնի նշանաւոր ներկայացումներէն են Գերմանիոյ «Ֆապրիս Մակլիահ» ընկերութեան՝ «Մամացցա» պարային գործը, Ս. Փեթերզպուրկի երաժշտական կատակերգական թատրոնի՝ «Պրոտուէյի հիթեր»-ը:

Փառատօնին հիմնական ծրագիրները պիտի ներկայացուին Յ. Թումանեանի անուան տիկնիկային, «Միհր» թատրոններուն մէջ:

16-րդ  «Հայ ֆէստ»-ը կ՝առանձնանայ հասարակական ներկայացումներու առկայութեամբ, որոնք միտուած են յետյեղափոխական կատարողական արուեստի խրախուսման։ Հիմնական ծրագիրէն դուրս՝ փառատօնի ընթացքին՝ պիտի իրականացուին վարպետութեան դասեր, կլոր սեղաններ, հանդիպում-քննարկումներ:

Փառատօնի սիրէն ներս, ամէն տարի կը կազմակերպուին յատուկ ծրագիրներ: Այս անգամ անոնք երկու հատ են՝ «Եւրոպան փառատօններու համար, եւ փառատօնները՝ Եւրոպայի» եւ «Պարարուեստի արեւելեան ընկերակցութիւն»:

Փառատօնը պիտի իրականացուի ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Նշենք, որ «Հայ ֆէստ» միջազգային թատերական փառատօնը առաջին անգամ իրականացած է 2003-ին:  2006-էն ի վեր անիկա գլխաւոր թատերական փառատօնը կը  համարուի նախկին ԽՍՀՄ տարածքին մէջ (բացառութեամբ` Մոսկուայի):