ՌԴ-ն Կրնայ Աւելի Աշխոյժ Կերպով Աջակցիլ ՀՀ-ին՝ Ատրպէյճանի Հանդէպ Ճնշումը Սաստկացնելու Նպատակով. BBC

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Սեպտեմբեր 25-ին, պիտի այցելէ Ատրպէյճան շատ պարզ նպատակով՝ յիշեցնելու, որ Ռուսիան նախկինի պէս առաջատար դիրքերու վրայ է տարածաշրջանին մէջ, որուն հետ հարկաւոր է հաշուի նստիլ: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի՝ ըսուած է BBC-ի «Փութին Պաքուի մէջ. Մեծ մտրակն ու փոքր քաղցրաբլիթը» յօդուածին մէջ:

Կը նշուի, որ Մոսկուայի դիրքերը տարածաշրջանին մէջ զգալիօրէն խախտած են, կապուած շարունակուող միջազգային պատժամիջոցներու եւ վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետ:

Շատերը Ատրպէյճանի մէջ կը կարծեն, որ ՌԴ-ն խորտակուող «Թիթանիք» է: Այդ մասին ըսած է Օքսֆորտի համալսարանի տարածաշրջանի գծով փորձագէտ Լէյլա Ալիեւան: Սակայն, խորտակուող «Թիթանիք»-ը մեծ առեւտրային ու տնտեսական գործընկեր է, որուն տեղը այսօր պատրաստ չեն զբաղցնելու Ատրպէյճանի աւանդական դաշնակիցները՝ Թուրքիան ու Իրանը: Ուստի, Պաքուն, օրինակ, կը շարունակէ ռուսական զէնք գնել, կը գրէ պարբերականը:

«ՌԴ ատրպէյճանական համայնքը պաշտօնապէս մօտ կէս միլիոն է: Ըստ ՌԴ ԿԴ-ի, ամէն տարի ՌԴ-էն Ատրպէյճան կը փոխանցուի 1,2 միլիառ տոլար: Եթէ զարգացումները անբարենպաստ ըլլան, Ատրպէյճանը կրնայ կրկնել 2008-ի վրացական սենարը՝ սկսելով արտաքսել ատրպէյճանցիները:

Քրեմլինը նաեւ կրնայ որոշել, որ ժամանակն է սատարելու Ատրպէյճանի ազգային փոքրամասնութիւններուն՝ քիւրտերուն, թալիշներուն, լեզգիներուն: Անոնց քանակը մեծ չէ, բայց անոնք գլխացաւ են Պաքուի համար:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ ՌԴ-ն Ատրպէյճանին ճնշելու նաեւ տնտեսական լծակներ ունի: Եւ, անկասկած, այս ամէնուն կը գումարուի Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը:

«Ռուսիան կրնայ սկսիլ առաւել աշխոյժ կերպով սատարել Հայաստանին, ինչպէս Ատրպէյճանի հանդէպ ճնշումը սաստկացնելու միջոցով, այնպէս ալ ՀՀ նոր ղեկավարութեան հետ առաւել սերտ յարաբերութիւններ ստեղծելու համար: Անշուշտ, ատիկա երկակի հետեւանքներ կրնայ ունենալ, քանի որ մինչ այժ ՌԴ-ն հանդէս կու գար իբրեւ իւրօրինակ իրաւարար եւ զսպող գործօն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով: Զրկուիլ այդ կարգավիճակէն, կը նշանակէ հեղինակութիւնը հարուածի տակ դնել, չհաշուած որ հերթական տարածաշրջանային հակամարտութիւն Կովկասի մէջ ՌԴ-ին պէտք չէ:

Մէկ կողմէն, Մոսկուան չի փափաքիր սրել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, միւս կողմէն՝ Քրեմլինը միշտ չէ, որ ինքզինք արդար կը պահէ: Խաղի ձեւով եզրակացութիւնները կրնան գերակշռել ռազմավարական նպատակայարմարութեան նկատառումները, ինչպէս արդէն բազմիցս եղած է»,- գրած է պարբերականը:

Կը նշուի, որ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի համար իշխանափոխութիւնը Երեւանի մէջ մտահոգութեան մեծ առիթ է, նաեւ այն պատճառով, որ Մոսկուան ատոր չի միջամտեց:

«Փութինը կրնայ աջակցութիւն խոստանալ Ալիեւին ներքին ընդդիմութեան հետ պայքարին մէջ, թէեւ այս հարցով անոր իրական հնարաւորութիւնները սահմանափակ են՝ կը մնայ միայն հրասայլեր մտցնել Պաքու: Մոսկուան կրնայ նաեւ, իբրեւ միջնորդ հանդէս գալ ատրպէյճանա-իրանական յարաբերութիւններուն մէջ բարդ հարցերու լուծման գծով, սակայն, այստեղ ալ ՌԴ ազդեցութիւնը հարկ չկայ գերագնահատելու:

Այնպէս որ, հաւանաբար, Փութինը մեծ մտրակ կը տանի Պաքու եւ փոքր քաղցրաբլիթ»,-նշուած է յօդուածին մէջ:

Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի այցելէ Հայաստան պաշտօնական այցով: Յստակ ամսաթիւը դեռ յայտնի չէ: