ՀՀ Վարչապետի Գլխաւոր Խորհրդականը Բանակցային Գործընթացին Մէջ Արցախի Ներգրաւումը Ամենաարդիւնաւէտ Ճանապարհը կը Համարէ

Հայաստան

Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը ՀՀ վարչապետի գլխաւոր խորհրդականը կը համարէ ամենաարդիւնաւէտ ճանապարհը: Ըստ Armenpress.am-ի` այս մասին «Sputnik Արմէնիա» միջազգային լրատուական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Երեւան-Մոսկուա-Ասթանա-Մինսք տեսամիացումինն ընթացքին նշած է ՀՀ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Արսէն Գասպարեան:

«Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, որովհետեւ այնտեղ շուրջ 3 տասնամեակի ընթացքին արդէն ձեւաւորուած է պետական համակարգ, որ ի զօրու է խօսելու իր անունով: Ցանկացած խնդիրի բոլոր կողմերուն կարծիքները պէտք է հաշուի առնուին»,- շեշտած է ՀՀ վարչապետի գլխաւոր խորհրդականը:

Արսէն Գասպարեան յիշեցուցած է, որ 90-ական թուականներուն Արցախը առանձին կողմ էր այդ բանակցութիւններուն մէջ, եւ, իր կարծիքով` ատիկա ամենաարդիւնաւէտ տարբերակն էր, երբ կողմերը կրնային որեւէ որոշման յանգիլ: