ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը Երեւանի Աւագանիի Արտահերթ Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

Հայաստան

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն վերաբերեալ տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՛ըսուի․

Հայրենակիցնե’ր

Համաժողովրդական շարժումով պայմանաւորուած ներքաղաքական նոր իրողութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ձգեցին Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու թէ՛ քարոզարշաւին եւ թէ՛ արդիւնքներուն վրայ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անձնական բարձր վարկանիշը եւ անոր անմիջական մասնակցութիւնը քարոզարշաւին, ըստ էութեան, վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան եւ կանխորոշեցին Սեպտեմբեր 23-ին կայացած Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Հարկ կը համարենք միաժամանակ փաստել, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի ունեցան ազատ ու արդար պայմաններու մէջ եւ ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներու կամքի անվերապահ արտայայտութիւնն են:

Ընդունելով ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ յաղթանակի կապակցութեամբ շնորհաւորելով «Իմ քայլը» դաշինքը` մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք աջակցելու մեր բոլորի երազած Երեւանը իրականութիւն դարձնելու գործին:

Որեւէ յաղթանակ պարտաւորեցնող է, եւ այս առումով կ՛ուզենք յոյս յայտնել, որ տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրած քաղաքական ուժը համարժէք պատասխանատւութեամբ կը մօտենայ իրեն տրուած մեծ վստահութեան:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմին

24.09.2018