Բազմավաստակ Ուսուցիչ, Տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկիէ Մետալով

Հայաստան, Սփիւռք

21 Սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ բազմավաստակ ուսուցիչ, տնօրէն, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանի պարգեւատրումը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան ոսկիէ մետալով:

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ըսաւ. «Այսօր նշանակալից առիթով հաւաքուած ենք, որպէսզի մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք Տիգրան Ճինպաշեանին իր շատ երկարատեւ,  նուիրեալ ու ազգանուէր գործունէութեան համար եւ այդ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք շնորհակալութեան տեսքով` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալի տեսքով: Այն ուղին, որ անցած է Տիգրան Ճինպաշեանը իրօք օրինակելի է եւ բոլոր առումներով գնահատելի, որովհետեւ հայ ժողովուրդին մատուցուած ծառայութիւնը յատկապէս կրթական օճախին մէջ, միանշանակ գնահատելի եւ ընդօրինակման արժանի է: Այդ նուիրումը մեր բոլորին համար ոգեւորիչ հանգամանք է եւ նաեւ ուղղորդող: Խորհրդանշական է, որ մետալի յանձնումը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 27-րդ տարեդարձին օրը: Կը կարծեմ, որ այս պատահականութիւնը շատ մեծ խորհուրդ կը պարունակէ, որով կ՛ընդգծուի Տիգրան Ճինպաշեանի առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ մեծութիւնը ո՛չ միայն սփիւռքի հայապահպանութեան գործին մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման մեր բոլորի ջանքերուն տեսանկիւնէն»: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց Տիգրան Ճինպաշեանը եւ ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ այս փոքր գնահատանքի համար այն մեծ աշխատանքի վաստակին, որ իրականացուցած էք  ամբողջ կեանքի ընթացքին: Ձեր օրինակը մեզի պիտի առաջնորդէ մեր գործունէութեան եւ ապագայ ձեռնարկումներուն մէջ»: Այնուհետեւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ոսկիէ մետալը յանձնեց Տիգրան Ճինպաշեանին:

Իր կարգին, Տիգրան Ճինպաշեան շնորհաւորեց բոլոր ներկաները Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 27-ամեակին առիթով եւ ըսաւ. «Իրապէս խորհրդանշական է, որ երկար ձգձգումներէ ետք մետալը տրուի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման օրը, որովհետեւ իմ անցած կեանքիս ընթացքին Հայաստանը այս կամ այն ձեւով միշտ ներկայութիւն եղած է: Այն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, որ այսօր կը պարգեւատրէ զիս, անիկա մեծ պատիւ եւ մեծ գնահատանք է»: