Հայկին Ուղղած «Ոչ»ը Բէլին Եղաւ Մնայուն Մղում Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ Ի Խնդիր Հայաստանի Անկախութեան Պահպանման. Արամ Ա Կաթողիկոս

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ ամեակին առիթով, Կիրակի, 23 Սեպտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեահափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար՝ Մխիթար Հայրապետեանին եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։

Հանրապետական Մաղթանքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը տուաւ՝ շեշտելով հետեւեալ երեք կէտերը.-

ա) Ազգի մը անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է։ Միաստուածեան երետ կրօններուն մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուած է այս իրողութիւնը եւ յատկապէս քրիստոնութեան մէջ։ Աստուածատուր իրաւունք ըլլալով, ոեւէ մէկը իրաւունք չունի խլելու կամ բռնաբարելու ուրիշին խաղաղութիւնը։

բ) Հայկին ուղղած «ոչ»ը Բէլին եղաւ մնայուն մղում մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան պահպանման։

գ) Եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժան մասը կը կազմէ խաղաղութեան համար գործել ու նոյնիսկ իմացեալ մահով պաշտպնել խաղաղութիւնը որպէս Աստուածատուր իրաւունք։ Այսպէս եղած է մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը։

Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամուր պահելու Հայաստանի անկախութիւնը՝ հայրենաշինութեան մեր գործօն մասնակցութեամբ։

Հանրապետական Մաղթանքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը, Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց նախարարը՝ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեամբ։ Նախարար Հայրապետեան իր ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գտնուելուն իրեն ընծայուած առիթին համար։

Իր խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նախարարին իրազեկ դարձուց Սփիւռքին ներկայ իրավիճակը եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ արծարծելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, Հայաստանէն ներս անցնող ամիսներուն տեղի ունեցած իրադարձութիններուն եւ ներկայիս տիրող կացութեան մասին։ Աւարտին, նախարարը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի սերտացնելու եւ ամրացնելու իր պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը յայտնեց Հայրապետին։

Յայտնենք, որ նախարարը այցելեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարան, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան-մատուռ, Հայաստանի անկախութեան յուշակոթող, ինչպէս նաեւ շրջեցաւ Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակը։