Զգաստութեան Ղօղանջը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Արարատ»-ի խմբագրական

Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւնը այսօր կը նշէ իր 27-րդ տարեդարձը. մերօրեայ հայոց պատմութեան անկիւնադարձային նոր էջը:

Երկարատեւ տառապանքի բովէն անցած, անհաւասար մաքառումներու քուրային մէջ ջրդեղուած, յոյսին եւ լոյսին կառչած ժողովուրդ մը, ոգեզինեալ կերպով ծառանալով ահեղ դաւերու եւ սադրանքներու դէմ, անգին զոհողութիւններու գնով ի վերջոյ իր պապենական բնօրրանին մէկ մասին վրայ կարողացաւ կերտել ա՛յն` ինչ որ այսօր համարժէք է նուիրականութեան եւ սրբութեան:

Անկախ ապրելու ոգին ու կամքը ուղեկցած է մարդուն, իսկ ժողովուրդներու պարագային` եղած է դաւանանք եւ սկզբունք: Ազատ ու անկախ կեանքի ձգտումը իրարու դէմ հանած է հակադիր ուժեր, ներհակ դիրքերու մղած ճնշեալներ ու ճնշողներ, դարձած պատմութեան հոլովոյթին առանցքը, որուն ականատեսը կ՝ըլլանք ցայսօր` աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ:

Բնականաբար, երրորդ հանրապետութիւնը վերջին օղակն է այն շղթային, որ սկսաւ Սարդարապատի հերոսամարտով, որուն յաջորդեցին կարճատեւ առաջին եւ 70-ամեայ երկրորդ հանրապետութիւնները: Ինքնաբերաբար, ան կրեց նախորդներուն դրականն ու ժխտականը եւ կանգնեցաւ պատմութեան անխուսափելի խաչմերուկին, երբ կը տարբաղադրուէր Խորհրդային Միութիւնը, կը ստեղծուէր աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակ, կ՝ընթանային արցախեան թէժ մարտերը, գլուխ կը ցցէին տնտեսական, բարոյահոգեբանական, ընկերային, քաղաքական եւ ռազմական դժուարութիւնները: Իրերու այս դրութեամբ, ինքնիշխանութիւնը երկնառաք պարգեւի չնմանեցաւ բնաւ, այլ` եղաւ ծանր փորձաքար` անգամ մը եւս հայուն կամքն ու կորովը քննութեան ենթարկող:

Հպանցիկ վերյուշ մը 27 տարիներու մօտիկ անցեալին, բաւ է նշմարելու, թէ` ինչպիսի՜ վերիվայրումներու, ցնցումներու, հրճուալից` միաժամանակ մտահոգիչ, յաղթապանծ` նաեւ ցաւառիթ եղելութիւններու օղակներ հիւսեցին մերօրեայ պատմութիւնը: Հակասական զգացումներ, առեղծուածային ապրումներ եւ տարտամ մտորումներ կրնան համակել բոլորս: Երրորդ հանրապետութեան պետականաշինութեան երթը ընթացաւ սպառնալից ալեկոծումներու ճանապարհով` ե՛ւ ներքին ե՛ւ արտաքին գործօններու հետեւանքով:

Արդարեւ, 1991 Սեպտեմբեր 21-ի ժողովրդային հանրաքուէն ի նպաստ անկախութեան էր, ազգային սեփական ուղղութեամբ պատմութեան երթը շարունակելու ընտրանքը: Բայց, ըստ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքին եւ տնտեսական կարողութեանց, ինչպէս նաեւ փոքր երկիրներու պարագային, լիիրաւ ու ամբողջական անկախութիւնը վերացական դրոյթ է, քանզի երկիրներ համազօդուած են իրարու, կը շնչեն իրարմով եւ կը համագործակցին բազմաթիրախային նպատակներով: Ուրեմն, յստակ է, որ անկախութենէն աւելի երրորդ հանրապետութեան ծնունդն է որ կը նշուի այսօր:

Այս իրադարձութեանց լոյսին տակ, երկրին եւ ժողովուրդին համար սկսաւ նորատիպ կեանքի կերտումը. որուն յաջորդեց, ի հարկէ, անճողոպրելի որոգայթներու շարան մը, քանզի բազմաթիւ ոլորտներ կը գտնուէին նոր մարտահրաւէրներու ընդառաջ: Եւ խարխափումներով լի ճանապարհին համար կարիքը կար վճռականութեան, զգաստութեան եւ պետականամէտութեան դրսեւորումներուն, որոնք յաճախ խաթարուեցան անտեղի, ճղճիմ եւ մանրախնդիր նկատառումներով:

Այս ալետատանումներուն ամենաբուռն պոռթկումը պատահեցաւ անցեալ Ապրիլին, երբ ժողովուրդին ցասումը յանգեցաւ իշխանափոխութեան` թաւշային յեղափոխութեան ճամբով: Ի յայտ եկան բազում կնճիռներ, շշմեցուցիչ սայթաքումներ, պղտոր եւ ազգաքանդ շահարկումներ, դիրքի եւ լծակներու չափազանց չարաշահումներ, հայրենական ընդերքը սակարկած անձնակեդրոն գործարքներ, եղբայրասպան հաշուեյարդարներ, յումպէտս արիւնահեղութիւններ, թաքուն մաքրագործումներ, ֆիզիքական չէզոքացումներ:

Այսօր, լուրջ եւ ծանրակշիռ հանգրուանի մը սեմին է երրորդ հանրապետութիւնը: Պետութիւն, որուն գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւնները, նախկին եւ մերօրեայ պաշտօնատարները, ժողովուրդն ու մօտիկ անցեալի իշխանաւորները հակոտնեայ դիրքերէ մեկնած, հատուածական եւ երբեմն անձնական շահերէ դրդուած, աթոռատենչութենէ գինովցած եւ դիրքեր չզիջելէ կարծրացած կը վտանգեն անկախութեան գաղափարը, կը ստեղծեն ապակայուն իրավիճակ, կը գզվռտին անհարկիօրէն` զոհասեղանին դնելով պետականութիւնն ու հայրենիքը:

Ո՛չ. ժողովուրդն ու հայրենիքը չեն ընդունիր նման խառնափնթոր աթոռակռիւ` երբ հարցականի տակ են հայրենիքի անվտանգութիւնը, տնտեսական կայունութիւնը, բարոյահոգեբանական մթնոլորտը: Պետականաշինութիւնը վեր է ամէն բանէ: Չարամտութեամբ, ոխակալութեամբ, թալանածը մարսելու մտահոգութեամբ անհնար է կերտել երրորդ հանրապետութեան բնականոն եւ պայծառ կեանքը:

Հետեւաբար, այսօր, անկախութեան շեփորահարումէն առաջ եւ վեր, պէտք է անսալ զգաստութեան ղօղանջին, պետականութեան նուիրական սկզբունքներուն կառչելու կարգախօսին եւ մեր նախահայրերէն եկած պատգամին` որն է` նախեւառաջ հաւաքական հայրենիք եւ անսասան պետականութիւն:

Ողջո՜յն տարեդարձդ Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւն: