Քիւրտիստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն 6 Հայ Կը Մասնակցի

Աշխարհ, Սփիւռք

Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստան ինքնավար մարզին մէջ, Սեպտեմբեր 30-ին խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, կը հաղորդէ armradio-ն։

Շարք մը կուսակցութիւններ կը պայքարին պատգամաւորական աթոռներու համար, բայց հիմնական ընտրապայքարը կ՛ընթանայ Պարզանի եւ Թալապանի ընտանիքներուն գլխաւորած կուսակցութեանց միջեւ:

Հայ համայնքի 6 ներկայացուցիչներ կը մասնակցին ընտրութիւններուն: Այս մասին, Յասմիկ Մարտիրոսեան հարզազրոյց մը ունեցած է պատգամաւորութեան թեկնածու եւ Գէորգեան Ճեմարանի շրջանաւարտ՝ իրաւաբան Էդգար Աբրահամեանի հետ, որ հիւսիսային Իրաքի Զախօ քաղաքի բնակիչներէն է։

Ըստ Էդգար Աբրահամեանի՝ պարզանիները յոյս ունին, որ խորհրդարանին մէջ իրենք դարձեալ մեծամասնութիւն պիտի ապահովեն, քանի որ ընտրողները, հակառակ վերջերս ստեղծուած ներքաղաքական լարուածութեան՝ կը շարունակեն վստահիլ Պարզանի ընտանիքին գլխաւորած 72ամեայ կուսակցութեան: Աբրահամեան յիշեցուցած է, թէ 111 պատգամաւորական աթոռներէն մէկը, ըստ օրէնքի, կը տրամադրուի հայ համայնքին: Այդ աթոռին համար կը պայքարին 6 հայ թեկնածուներ։

«Վեց հոգին շատ է. նախկին պատգաւորը պէտք չէ մասնակցէր, իսկ միւսները նոյնիսկ հայերէն չեն գիտեր խօսիլ եւ գրել: Նախկին պատգամաւորը ոչինչ ըրաւ համայնքին համար. միայն կերաւ, խմեց, վայելեց եւ իր ընտանիքին ծառայեց», ըսած է Աբրահամեան, ըստ որուն, Քիւրտիստանի հայ համայնքին մեծագոյն խնդիրը հայապահպանումն է:

«Երիտասարդները անգո՛րծ են, եւ այս կէտը իմ նախընտրական ծրագիրին առաջին կէտն է: Ես լաւ յարաբերութիւններ ունիմ Պարզանի ընտանիքի անդամներուն ու քրտական քաղաքական գործիչներու հետ, եւ կրնամ ծրագիրս կեանքի կոչել», աւելցուցած է ան։

Ըստ ընտրական կանոնակարգի՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչը խորհրդարանին մէջ անկա՛խ պատգամաւոր է: Հայ համայնքի ներկայացուցիչի ընտրութեան համար կրնան քուէարկել նաեւ ոչ-հայեր։ «750-800 հայ ունի ընտրելու իրաւունք, եւ խորհրդարանի անդամ կը դառնայ այն թեկնածուն, որ նոյնիսկ մէկ քուէի առաւելութիւն կրնայ ապահովել», յայտնած է Աբրահամեան։