Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Պատճառով «Արմէնալ» Գործարանը Կրնայ Փակուիլ

Հայաստան

Երեւանի մէջ գտնուող ռուսական «Ռուսալ» ընկերութեան փայլաթիթեղ արտադրող  «Արմէնալ» գործարանը Ամերիկայի կողմէ կիրառուող պատժամիջոցներուն պատճառով սկսած է կրճատելու գործաւորներու աշխատանքի ժամերը: Այս մասին կը գրած է ռուսական «Ինտերֆաքս»ը:

«Արմէնալ»-ի արտադրանքի հիմնական շուկան Հիւսիսային Ամերիկան եւ Եւրոպան էին: Գործարանը 2017-ին 33.7 հազար թոն փայլաթիթեղ արտածած է: «Ռուսալ»-ի դէմ պատժամիջոցներուն պատճառով, «Արմէնալ» կը դիմագրաւէ փակուելու վտանգը:

Մինչեւ Սեպտեմբերի վերջը ընկերութեան 184 աշխատողներ կրնան գործէ արձակուիլ:

Ներկայիս գործարանին մէջ կ՛աշխատին 670 անձեր: