Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորն ու Արքայազնը ՀՀ Անկախութեան Տօնին Առիթով Շնորհաւորած են Հանրապետութեան Նախագահը

Աշխարհ, Հայաստան

Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտուլազիզ Ալ Սաուտ շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 27-ամեակին առիթով:

Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Սէուտական Արաբիոյ պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնը։

Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը ՀՀ նախագահին առողջութիւն ու երջանկութիւն մաղթած է, իսկ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի կառավարութեան՝ կայուն առաջընթաց եւ բարգաւաճում:

ՀՀ անկախութեան տօնին առիթով՝ նախագահ Արմէն Սարգսեանը շնորհաւորած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ արքայազն, նախարարներու խորհուրդի փոխնախագահ, պաշտպանութեան նախարար Մուհամէտ պըն Սալման պըն Ապտուլազիզ ալ Սաուտ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Սէուտական Արաբիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին: ՀՀ ԱԳ  նախարարի մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան Armenpress.am-ին յայտնած է, որ նոյնիսկ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունենալու պարագային՝ երկիրներու ղեկավարները կը շնորհաւորեն իրար։ Ան ընդգծած է, որ ատիկա բնական է: