ՆԱԹՕ-ն Վերահաստատած է Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Իր Աջակցութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Պաքուի մէջ լրագրողներուն ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ռօզ Կոթեմոլըր (Rose Gottemoeller):

«ՆԱԹՕ-ն իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի աշխատանքին եւ  հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղուած հակամարտութեան կողմերու ջանքերուն»,- ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը։