Ֆրանսայի Ժիւրա Նահանգին Մէջ՝ Փոքրիկ Հայաստան Մը

Սփիւռք

Ամէն տարի, դպրոցական տարեվերջին, մանուկներու եւ պատանիներու համար կը կազմակերպուին ամառնային ճամբարներ, որոնք Սփիւռքի համայնքներու կեանքին մէջ կարեւոր նախաձեռնութիւններ կը հանդիսանան եւ ունին ընկերային, մշակութային եւ կրթական կարեւոր նշանակութիւն: Փաստն ալ այն է, որ ժամանակի ընթացքին բազմացան ճամբարային գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւնները, նորագոյնը ըլլալով այս ամառ Ֆրանսայի Հայ Առաքելական թեմինը:

Հնագոյններէն է Կապոյտ Խաչի կազմակերպած Պելֆոնենի ճամբարը, որ ամէն տարի Յուլիսին եւ Օգոստոսին, երկու շրջանով, Ֆրանսայի հայահոծ քաղաքներէն շուրջ 200 պատանիներ կը համախմբէ Ֆրանսայի արեւելքը՝ դալարապատ եւ օդասուն Ժիւրա նահանգին մէջ:

Զուտ ֆրանսահայ դաշտին մէջ գործող կազմակերպութիւններու կողքին Հայաստանի, Յունաստանի եւ Միացեալ նահանգներու մէջ կան բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններ, որոնք նմանատիպ ճամբարային առաջարկներով հանդէս կու գան: Կան ամառնային լեզուական դասընթացքներ Վենետիկ, Լոնտոն, Պուլկարիա, Պէյրութ… չափահասներու համար:

Տարուան ընթացքին կրթական եւ մշակութային կառոյցներու կանոնաւոր ու յարատեւ գործունէութեան կողքին, ամառնային այս ճամբարները իրենց երկու, երեք կամ չորս շաբաթեայ հայկական խտացեալ հաւաքական կեանքով, ընկերական մտերմութեան պայմաններու մէջ, յիշատակելի հետքեր կը ձգեն եւ շատ դրական ազդեցութիւն կը գործեն տարբեր հորիզոններէ ի մի հաւաքուած երախաներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու վրայ:

Կապոյտ Խաչը այս տարի նշեց իր հիմնադրութեան 90-ամեակը:

Այս առթիւ կը ներկայացնենք Պելֆոնթենի ճամբարը.

0000BLUE-CROSSՖրանսահայ Կապոյտ Խաչի Պելֆոնթենի այս տարուան ճամբարը հազիւ աւարտած՝ արդէն սկսած են 2019ի նախապատրաստական աշխատանքները:

Փարիզէն, Լիոնէն եւ Մարսէյէն եկած Յուլիսի եւ Օգոստոսի մասնակիցները, ամէն տարուան պէս, նոյն պայծառ հայեացքները ունին: Փոքրիկները երբեմն երկմիտ արտայայտութիւն ունին, սակայն վախը շուտով կը փարատի եւ անոնք արդէն իրենց ուսապարկերով պատրաստ են Ժիւրայի ուղղութեամբ հանրակառքը բարձրանալու:

Հազիւ տեղաւորուած՝ երախաները զիրար կը վերագտնեն: Անոյշը՝ Շուշանին, Մարիամը՝ Զարեհին եւ Սեւանին հետ կը նստին քով-քովի, –կարծէք թէ տարի մը առաջ իրարմէ չէին բաժնուած,– եւ անհամբեր են տեղ հասնելու:

Պելֆոնթենի առասպելական «Էփիսէա» ճաշարանի տէրերուն՝ Գարոլինի եւ Օլիվիէի կողմէ մեր հանրակառքի անցքին աւանդական «ստուգում»էն ետք, ճամբարի մասնակիցները կը հասնին կայան, ուր կը դիմաւորուին պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք անհամբեր իրենց կը սպասէին:

Իւրաքանչիւր ամառ, հայկականութեան զարթօնքի, պարի եւ այլ մարզական ու գեղարուեստական աշխատանքներու ընդմէջէն երախաներու միջեւ ստեղծուած կենսական կապերը Կապոյտ Խաչին հպարտութիւն եւ հրճուանք կը պարգեւեն: Այս բացառիկ շրջանակին մէջ, որակեալ ուղեկիցներով շրջապատուած երախաներու զուարճութիւնը մեզի համար ամէնէն մեծ վարձատրութիւնն է:

Իւրաքանչիւր ճամբարի ընթացքին, օր մը յատկացուած է ծնողներու այցելութեան: Անցեալ Յուլիսին, շուրջ 250 ծնողներ, տատիկ-պապիկներ եւ բարեկամներ հիւրասիրուեցան Մարսէյի մեր մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած համադամ ճաշերրով եւ բացառիկ անակնկալներով: Այդ օրը զուգադիպելով ֆութպոլի Համաշխարհային ախոյեանութեան աւարտական մրցումին, բոլորը հաւաքուեցան մեծ սրահին մէջ եւ ոգեւորութեամբ հետեւեցան խաղին:

Օրը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ «Մեր Հայրենիք» փառերգի կատարողութեամբ: Ծնողները գոհունակութեամբ հեռացան կայանէն, երբ իրիկուան ժամերուն դրօշակները վար առնուեցան եւ հնչեց «Յառաջ նահատակ»ը: Յաջորդ օրը, երախաները, ինչպէս միշտ, այցելեցին Շալէն լիճը՝ լողալու համար: Օրուան վերջաւորութեան 14-15 տարեկանները բաժնուեցան խումբէն, ճամբարի մը մասնակցելու նպատակով: Արդարեւ կայանը նման առիթ մըն ալ կ՛ընծայէ աւելի տարեց մասնակիցներուն:

Նո՛յնքան արեւոտ յաջորդ այցելութեան օրը տեղի ունեցաւ 6 Օգոստոսին, նո՛յն խանդավառութեամբ: Ծնողները առիթը ունեցան ծանօթանալու փոքրիկներու ձեռային աշխատանքներուն: Պէտք է ըսել, թէ կայան իրենց կեցութեան ընթացքին մասնակիցները կը պատրաստեն հանդէս մը (երգ, պար, հաւաքական խաղեր…) եւ տարբեր նախաձեռնութիւններ (պիաթլոն, ջրային արշաւներ, լեռնագնացութիւն եւ այլն):

Պզտիկները լաւ յուշերով կը վերադառնան կայանէն եւ անհամբեր կը սպասեն յաջորդ տարի իրարու վերստին հանդիպելու: Պելֆոնթենի կայանին կապուած են բոլորը, քանի՝ երբ ա՛նիկա անգամ մը որ մուտք գործէ մեր կեանքին մէջ, այլեւս երբեք չի բաժնուիր մեզմէ:

63 տարուան իր անցեալէն ետք, կայանին մէջ 8-էն 15 տարեկանները իրենք զիրենք կը վերագտնեն Ժիւրայի սիրտին թառած այս փոքրիկ Հայաստանին մէջ: Անկէ սերունդներ անցած են, ոմանք արդէն մեծ մայրիկ, մեծ հայրիկ դարձած, այսօր իրենց զաւակները, թոռները հոն կը ղրկեն:

ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉ

(Պատշաճեցուած՝ ֆրանսերէնէ, «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»)