Հայաստանի Հանրապետութեան Այնքան Անհրաժեշտ Երկխօսութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Վերջին օրերու եւ շաբաթներու Հայաստանի իրաւական, դատական, քրէական, քաղաքական, լրատուական եւ տեղեկատուական սրընթաց զարգացումներուն ստեղծած լարուածութիւնը եւ անոնց հակազդեցութիւնը իրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ` թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ ներքաղաքական դաշտին, հատած են ընդունելի բոլոր գիծերը եւ դարձած` շատ վտանգաւոր:

Արդարեւ, լիցքաթափելու համար այս ջղագրգիռ եւ լարուած մթնոլորտը` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ օդի ու ջուրի չափ անհրաժեշտ է քաղաքական եւ հասարակական բոլոր կողմերու միջեւ անկեղծ եւ կառուցողական երկխօսութեան ծաւալումը:

Ձեւաւորուող նոր Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն ծրագիրներուն, աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն յաջողութեան եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար, որուն անվերապահօրէն կը զօրակցի ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր նախարարներով, մարզպետներու եւ ամբողջ կենսափորձով, առաջին հերթին անհրաժեշտ է կայունութիւն, վստահութիւն, անդորրութիւն եւ առանց քաղաքական ցնցումներու փոխյարաբերութիւն բոլորին միջեւ:

Նախապէս առիթով մը հաստատած ենք, որ բոլորովին կողմ ենք օրինականութեան հաստատման, օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութեան, անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացման, բոլոր մեղաւորները եւ յանցագործները պատասխանատուութեան ենթարկելու, սակայն, որպէսզի այլ տպաւորութիւն եւ մթնոլորտ չստեղծուի, խիստ անհրաժեշտ է, որ տուեալ գործընթացը ընթանայ սահմանադրական եւ օրէնքի շրջանակներու մէջ` առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու ներազգային համերաշխութիւնը եւ երկխօսութեան կարելիութիւնը: Այո՛, որովհետեւ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հիմնական բացական երկխօսութիւնն է:

Երկխօսութիւն` իշխանութեան եւ ընդդիմութեան, Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան միջեւ, երկխօսութիւն` ժողովուրդի անխտիր բոլոր խաւերու, շերտերու եւ դասակարգերու միջեւ, երկխօսութիւն` մասնագէտներու, արուեստի, մշակոյթի գործիչներու միջեւ, մէկ խօսքով` ազգային երկխօսութիւն, որպէսզի կարենանք այս դժուարին փուլէն աւելի ուժեղ դուրս գալ, մեր խնդիրներուն մեծ մասը կարգաւորել եւ անոնց առաջնահերթութեան հիման վրայ մարտավարութեան մը որդեգրումով դիմակայել զանոնք եւ անցնիլ առաջ, որովհետեւ մենք ունինք բազմաթիւ եւ բազմապիսի անյետաձգելի հրատապ հիմնախնդիրներ, որոնք կը կարօտին համայն հայութեան նեցուկին եւ զօրակցութեան:

Արդարեւ, կասկածէ վեր է, որ այսօր ազգովին կ՛ապրինք արտահերթ ներազգային, ռազմաքաղաքական, ընկերատնտեսական, դատաիրաւական եւ անվտանգութեան ընդհանուր խնդիրներու անապահով փուլ մը, ուր օր առաջ անվիճելի անհրաժեշտութիւն է տուեալ ազգային երկխօսութիւնը, որ պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ` յանուն բոլոր հարցերու կարգաւորման եւ կայունութեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի երկխօսութեան ձեւաչափին, կարելի է, օրինակի համար, երկրի վարչապետին, նախագահին եւ Ազգային ժողովի նախագահին գլխաւորութեամբ հրաւիրել ազգային երկխօսութեան կլոր սեղանի մը, ուր համախմբուած կ՛ըլլան  քաղաքական բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր, սրտբաց խօսակցութիւն մը ծաւալելու, հասարակ յայտարարով հանդէս գալու, երկրի անդորրութիւնը, կայունութիւնը, անվտանգութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը գերադասելով, միասնաբար գնահատելով ներհայաստանեան քաղաքական իրավիճակը, հեռու` լուսարձակներէ եւ լրատուամիջոցներէ, ապա` քննարկելու, վերլուծելու առկայ բոլոր ներքին եւ արտաքին սպառնալիքները, նոյնիսկ` ամէնէն կնճռոտ խնդիրները, որոնք կ՛առնչուին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ճակատագիրին, եւ` միասնաբար որոշելու, թէ ի՛նչ տեսակի Հայաստան կ՛ուզենք եւ ո՛ւր կ՛ուզենք տանիլ զայն:

Անկեղծ ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ այլապէս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ողջունելի քաղաքական իրադարձութիւնները կրնան վտանգուիլ. խօսքը անշուշտ կը վերաբերի համաժողովրդային շարժումին, անոր յաջորդած իշխանափոխութեան եւ պրն. Փաշինեանի վարչապետ ընտրութեան առիթով ստեղծուած յոյսի եւ չափազանց խանդավառութեան ալիքին, որ համակեց համայն հայութիւնը. պէտք է ամէն գնով պաշտպանել զայն, որովհետեւ ատիկա հիմնական գրաւական կը հանդիսանայ նոր Հայաստանի արդար, անկախ, բարգաւաճ, հզօր եւ միասնական հայրենիքի կերտման:

Եւ պէտք չէ թոյլատրել, որ այդ սրբազան արժէք ներկայացնող յոյսը ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մէջ խամրի, խանդավառութեան ալիքը զիջի դժուարութիւններու առջեւ, ու մարին ապագային նկատմամբ երազները` նոր Հայաստանի իշխանութիւններու առաքելութեան եւ արդիւնաւէտ ազգային գործունէութեան առնչուած:

Ուրիշ խօսքով, պէտք է ընենք ամէն ինչ, որպէսզի համայն հայութիւնը հերթական անգամ յուսախաբութիւն մը եւս չապրի, որովհետեւ դարձեալ անկեղծ ըլլալու համար կ՛ուզենք ըսել, որ վերջին շաբաթներու եւ օրերու քաղաքական իրադարձութիւններուն, իրերամերժ յայտարարութիւններուն, հրապարակային վիճարկումներուն, գաղտնալսումներու բացայայտման, ընկերային ցանցերու վրայ ծայր առած վիճաբանութիւններուն, տեղի եւ անտեղի հետախուզումներուն, մամլոյ ասուլիսներուն  ու Երեւանի քաղաքապետութեան նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին հնչած անյարմար ելոյթներուն պատճառով Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական դաշտը վերածած են բաւական լարուած բեմահարթակի, ինչ որ վստահաբար բոլորիս մտահոգութեան կիզակէտը կը հանդիսանայ այսօր:

Այդ իսկ պատճառով պէտք է ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական բոլոր դերակատարներուն միջեւ երկխօսութիւն հաստատուի, եւ պէտք է լիցքաթափել  տուեալ լարուած ներքաղաքական մթնոլորտը:

Պէտք է դադրի երկրին կայունութիւնը, ներդրումային կարելիութիւնը եւ տնտեսութեան վստահելիութիւնը հարուածող յայտարարութիւններու եւ մամլոյ ասուլիսներու պատերազմը, եւ` որոշ քաղաքական խոհեմութեամբ մօտենալ գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրներուն:

Վերջապէս, այսօր պէտք է հասկնանք, որ քայլարշաւներու եւ հանրահաւաքներու փուլը մեր ետին է արդէն, այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը օժտուած է նոր կառավարութեամբ եւ ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող նոր վարչապետով մը, որոնց շուրջ պէտք է համախմբել համայն հայութիւնը եւ զանոնք վերածել քաղաքական հզօրագոյն գործօնի:

Արդարեւ, այսօր ազգովին թեւակոխած ենք իսկական գործի փուլ` պետական համակարգը բարելաւելու, օրէնքի գերակայութեան պետութիւն կառուցելու, սահմանադրութեան եւ օրէնքի շրջանակներուն մէջ կաշառակերութեան, մենաշնորհներու եւ չարաշահումներու դէմ պայքարելու, տնտեսութիւնը զարգացնելու, սահմանները ապահովելու, ընկերային արդարութիւն հաստատելու, բանակաշինութեամբ զբաղելու, Արցախը վերաբնակեցնելու, արտագաղթը կասեցնելու եւ հայրենադարձութիւնը կազմակերպելու, ներազգային համերաշխութիւնը ամրագրելու, որպէսզի վերջապէս կարենանք 10 միլիոնի շուրջ հայութեան երազը, գրաւը եւ ակնկալութիւնները արդարացնել սիրոյ եւ համերաշխութեան նոր Հայաստանի կապակցաբար:

18.09.2018