«Սպիտակ» Ֆիլմը Հրաշքի Մասին է. Սպիտակի Երկրաշարժին Անդրադարձող Ֆիլմը կը Ցուցադրուի Հանրութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Բեմադրիչ Ալեքսանդր Գոդդի «Սպիտակ» երկարաժամ գեղարուեստական ֆիլմը 1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի աւերիչ երկրաշարժին մասին է: Շարժանկարին հիմքը մարդու մը պատմութիւնն է, որ, ձգելով կինն ու դուստրը, մեկնած է Մոսկուա: Տեղեկանալով Սպիտակի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան մասին` ան կը լքէ իր ռուս ընկերուհին եւ կը վերադառնայ Հայրենիք` գտնելու իր տունը, ընտանիքի անդամները:

Շարժանկարը կը նուիրուի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին:

Ըստ Armenpress.am-ի` լրագրողները ֆիլմը դիտելու հնարաւորութիւն ունեցած են Սեպտեմբեր 19-ին, «Մոսկուա» շարժանկար-թատերասրահին մէջ:

«Նկարահանումներ իրականացուցած ենք Մոսկուայի, Երեւանի, Աշտարակի, Դիլիջանի մէջ: Անոնք տեւած են մօտ 30 օր: Ուսումնասիրած ենք 1988-ի ժամանակագրութիւնը, ծանօթացած ենք վաւերագրութեան, դիտած ենք հսկայական քանակով լուսանկարներ` փորձելով վերարտադրել իրականութիւնը յարդարանքներու միջոցով»,- շարժանկարը դիտելուն յաջորդած մամուլի ասուլիսին նշած է բեմադրիչը:

Ալեքսանդր Գոդդ շեշտած է, որ ֆիլմին մէջ փոքրիկ Անուշի կերպարին միջոցով, որ կը հաւատայ հրաշքի գոյութեան, ուզած է վառ ներկայացնել հրաշքը: «Եթե մենք կը հաւատանք, ուրեմն՝ հնարաւոր է: Գլխաւոր հերոսը` Գոռը, կ՝երթայ փնտռելու ընտանիքը, իբրեւ արդիւնք՝ ընտանիքը կը գտնէ զինք: Հրաշքի մասին է այդ պատմութիւնը»,- ընդգծած է ան:

Շարժանկարի գլխաւոր դերակատարներէն մէկուն` Գոհարին մարմնաւորած Հերմինէ Ստեփանեան ըսած է, որ ընդունելութեան մասնակցելու ժամանակ իւրաքանչիւր արտիստ պէտք է գիտնայ, թէ ով է տուեալ բեմադրիչը: «Ի սկզբանէ գիտէի, որ Ալեքսանդր Գոդդի ստեղծած ֆիլմը բարձր գեղագիտութիւն կ՝ունենայ` համեմուած հետաքրքրական խորհրդանիշներով: Հերոսուհիս, իբրեւ մայր, չէր կրնար չհաւատալ հրաշքին: Եթէ չհաւատար անոր, չէր հաւատար, որ իր դուստրը պիտի փրկուի: Եթէ փոքրիկը հրաշքին չհաւատար, չէր փրկուեր եւ չէր փրկեր մօրը: Հրաշքի գոյութիւնը ֆիլմին մէջ անհրաժեշտութիւն էր բոլոր հերոսներուն համար»,- ընգծած է Ստեփանեան:

Ընտանիքի հօր` Գոռի կերպարը կերտած դերասան Լեռնիկ Յարութիւնեան, անդրադառնալով իր հերոսին, ըսած է, որ Գոռի մէջ մեծ պատերազմ կար, երբ ան կայացուցած էր Հայրենիքը լքելու որոշումը, մինչ ողբերգութիւնը, որ անոր ստիպեց վերադառնալու Հայրենիք:

«Շնորհակալ եմ բեմադրիչին, որ կու տար շատ  դիպուկ խնդիրներ, որոնք զիս կ՝օգնէին իրավիճակը յստակ պատկերացնելու: Հաւատացէ՛ք` շատ ջանք չեմ թափած այդ դերը կերտելու համար, քանի որ բեմադրական, նկարչական եւ մնացեալ բոլոր լուծումները այնքան յստակ էին, որ խաղալու կարիք չկար. ես զիս կը զգայի այդ ողբերգութեան մէջ»,- խոստովանած է դերասանը:

«Սպիտակ»-ը շուտով պիտի ներկայացուի հասարակութեան: Անիկա կը նախատեսուի ցուցադրել նաեւ Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ:

Շարժանկարի երաժշտութիւնը ստեղծած է մեր հայրենակից Սերժ Թանկեան: 2018-ին, Մոսկովեան 40-րդ միջազգային փառատօնին, ֆիլմը արժանացած է մրցանակի «Լաւագոյն բեմադրիչ» անուանակարգով:

Ֆիլմը ներկայացուցած են Ազգային շարժանկարի զարգացման, «Եւրիմաժ» հիմնադրամները եւ «Տելեստոյ» շարժանկարի ընկերութիւնը:

Լուսանկարը՝ mosfilm.ru-ի