ԱԳՆ Մամուլի Խօսնակ Տիգրան Բալայեան Մեկնաբանած է Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանին Ստեղծուած Իրավիճակը

Հայաստան

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեանի մեկնաբանութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:

ՀՀ ԱԳ նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան տեղեկութիւններով՝ մեկնաբանութեան մէջ նշուած է.

Վերջին շրջանին Ատրպէյճանը շարունակաբար կը գնդակոծէ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանը՝ թիրախաւորելով եւ վնաս հասցնելով անոր երկայնքով գտնուող բնակավայրերուն, քաղաքացիական հաստատութիւններուն եւ խաղաղ բնակչութեան։

Այսօր, ատրպէյճանական կողմի կրակոցներէն, Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ զոհուած է ՀՀ զինծառայող, շարքային Հայկազ Մաթեւոսեան։ Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զոհուածի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն ու կը վստահեցնենք, որ պիտի շարունակենք վճռականօրէն աշխատիլ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։

Պաքուի կողմէ իրավիճակի լարման միտուած գործողութիւնները, զուգակցուելով ռազմատենչ հռետորաբանութեան հետ, կը խաթարեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան կողմէ խաղաղութեան նպաստող մթոնլորտի ձեւաւորման ուղղուած ջանքերը:

Խստօրէն դատապարտելով Ատրպէյճանի քայլերը՝ միջազգային հանրութեան՝ առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք իրադրութեան յետագայ սրումը կանխելու նպատակով Պաքուն սանձելու եւ կառուցողական դաշտ բերելու հրատապ անհրաժեշտութեան վրայ։