Հակառակորդի Կրակոցէն Զոհուած է Զինծառայող Հայկազ Մաթեւոսեանը

Հայաստան

Սեպտեմբեր 19-ին, ժամը 13.30-ի սահմաններուն, ՀՀ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պատասխանատւութեան տարածքին մէջ, ըստ նախնական տուեալներու, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն վիրաւորուած է պայմանագրային ժամկէտային զինծառայող, շարքային Հայկազ Բաբգէն Մաթեւոսեանը (1980-ի ծնունդ, կը ծառայէր 2011-էն ի վեր, Տաւուշի ԶԿ):

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ զինուորական հիւանդանոց  տեղափոխուելու ընթացքին Հ. Մաթեւոսեանը մահացած է:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: