Ուիլեըմ Սարոյեանի Չհրատարակուած Թատրերգութեանց Ներկայացումներ Ֆրեզնոյի Եւ Օրենճ Քաունթիի Մէջ

Սփիւռք

Ուիլեըմ Սարոյեանի երբեք բեմ չհանուած եւ չհրատարակուած թատրերգութիւններէն տեսարաններ, որոնք առաջին անգամ Սեպտեմբեր 15-ին բեմականացուեցան Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանի «Թէյփըր» թատերասրահին մէջ, պիտի կրկնուին Ֆրեզնոյի եւ Օրենճ Քաունթիի մէջ, ապա պիտի վերադառնայ Լոս Անճելըս։

Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ Սարոյեանի 110-րդ տարեդարձին նուիրուած այս ներկայացման Ֆրեզնոյի ելոյթը տեղի պիտի ունենայ նախաձեռնութեամբ Ֆրեզնոյի Հայկական թանգարանին, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28-ին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Քալիֆորիոյ համալսարանի կեդրոնի սրահին մէջ (550 E. Shaw Ave., Fresno, CA 93710)։ Դռները պիտի բացուին ժամը 6։30-ին։

Օրենճ Քաունթիի ելոյթը տեղի պիտի ունենայ նախաձեռնութեամբ՝ Քալիֆորիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին եւ Մեղրունի ընտանիքի անուան Հայագիտական նախագահական ամպիոնին, համալսարանին Փոքր թատերասրահին մէջ (Little Theater, Humanities Hall, 4000 Mesa Road, Irvine, CA 92617), Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6-ին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ։ Դռները պիտի բացուին ժամը 6։30-ին։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 7-ին, կ.ե. ժամը 3-էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի երկրորդ ներկայացումը, այս անգամ Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ (15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA 91345)։

Բոլոր ներկայացումներուն մուտքը ազատ է. կը յանձնարարուի կանուխ ժամանել, տեղ ապահովելու համար:

Մրցանակակիր թատերագիր ու բեմադրիչ Արամ Գույումճեան համադրած է «Վիսթա Փլէյըրզ» թատերախումբին այս ներկայացումներուն շարքը, որոնք բեմ կը բարձրանան իր բեմադրութեամբ:

Գույումճեան յատուկ արտօնութիւն ստացած է «Սթենֆըրտ» համալսարանէն, հոն պահուող Սարոյեանի անտիպ թատրերգութիւնները ուսումնասիրելու եւ նշեալ ներկայացման համար օգտագործելու համար:

Ներկայացուելիք տեսարանները առնուած են «Հայկական Թատրերգութիւն (Կամ Օփերա)», «Դէպի Տուն՝ Հայաստան», «Ուզենք Չուզենք Հայ Ենք» եւ այլ թատրերգութիւններէ եւ կ՛առընչուին ներգաղթողներու դիմագրաւած հարցերուն, Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ հայրենիք վերահաստատուելու կարելիութիւններուն:

Չորս դերակատարներ՝ Ճէյտ Հայքուշ, Ուիլ Մէյզըլ, Պէյլի Սրել եւ Ռապըրթ Ուոլթըրզ մօտաւորապէս 30 դերեր պիտի ստանձնեն 75 վայրկեաննոց ներկայացման ընթացքին։

Նշենք, որ Լոս Անճելըսի անդրանիկ ներկայացումը մաս կը կազմէր Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանի «Էլ.Էյ. Մէյտ» (արտադրուած Լոս Անճելըսի մէջ) նախաձեռնութեան եւ համահովանաւորուած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի կողմէ, որ Ուիլեըմ Սարոյեանի 110րդ տարեդարձին առիթով, 31 Օգոստոսին յատուկ ելոյթ մը ունեցաւ քաղաքապետական խորհուրդին առջեւ:

Ուիլեըմ Սարոյեան Միացեալ Նահանգներու մէջ հռչակ սկսած է շահելու 1930ականներուն եւ ստեղծագործական հարուստ կեանք մը ունեցած է մօտաւորապէս 5 տասնամեակներու ընթացքին: Սարոյեան հեղինակն է բազմաթիւ կարճ պատմուածքներու, վէպերու, թատրերգութիւններեւ եւ յուշագրութիւններու: Ան արժանացած է «Փուլիցըր» («The Time of Your Life» գործին համար) եւ «Օսքար» («The Human Comedy»ի բեմագրութեան համար) մրցանակներուն:

Արամ Գույումճեան, որ իբրեւ Մագիստրոսի վկայականի աւարտաճառ պատրաստած էր Սարոյեանի չհրատարակուած թատրերգութիւններուն նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը, «Էլի» մրցանակը շահած է թէ՛ բեմագրութեան («The Farewells») եւ թէ բեմադրութեան («Three Hotels») բաժանմունքներուն մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները բեմ բարձրացած են շարք մը քաղաքներու, ներառեալ՝ Լոս Անճելըսի եւ Լոնտոնի մէջ: Գույումճեանի նորագոյն արտադրութիւններէն են՝ «Հեփի Արմինիընզ»ը, իր կողմէ մենախօսութեան վերածուած Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»ը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներուն նուիրուած բացօթեայ ներկայացումեր Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի «Կրենտ» զբօսավայրին եւ Կլենտէյլի Կեդրոնական զբօսավայրին մէջ: