ԱՀ Նախագահը Քննարկած Է Պաշտպանութեան Բանակի Ուսումնավարժական Հաւաքներուն Ընթացքը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 17-ին հրաւիրած է խորհրդակցութիւն` նուիրուած պաշտպանութեան բանակի զօրահաւաքային պատրաստութեան ընթացիկ տարուան ծրագիրին համաձայն մեկնարկած ուսումնավարժական հաւաքներու ընթացքին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ համապատասխան զեկուցումով հանդէս եկած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան:

Նախագահը յստակ յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան նախարարին եւ համապատասխան կառոյցներու ղեկավարներուն` քննարկուած հարցերու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ: