Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի Աշխատանքը Ժողովրդավարութեան Խթանման Գերազանց Օրինակ է. Եւրոմիութեան Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿ բարձրաստիճան համաժողովին ընթացքին տարածուած է եւրոմիութեան նոր յայտարարութիւնը խօսքի եւ խաղաղ հաւաքներու ազատութեան վերաբերեալ: Եւրոպական միութեան եւ անոր անդամ երկիրներու անունով այդ յայտարարութիւնը, Սեպտեմբեր 17-ին, հրապարակած է Միացեալ Թագաւորութեան ներկայացուցիչը:

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին տեղեկութիւններով՝ յայտարարութեան մէջ առանձին կ՝ընդգծուի նաեւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւ անոր աշխատակազմի դրական դերը այս տարի տեղի ունեցած խաղաղ հաւաքներու մշտադիտարկման հարցով: «Անիկա գերազանց օրինակ է, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս կրնայ անկախ մշտադիտարկումը խթանել ժողովրդավարութիւնը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեամբ շեշտուած է խօսքի եւ խաղաղ հաւաքներու ազատութեան կարեւորութիւնը, այդ հարցով մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւններու եւ  քաղաքացիական հասարակութեան կարեւոր դերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ եղած է այդ հարցերուն վերաբերեալ Եւրոմիութեան մտահոգութիւններուն։