Մշակոյթի Ցուցադրութիւնը Չի Փոխարիներ Մշակոյթի Ստեղծումը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Սփիռք(ներ)ը շատ յաճախ, հիմա նաեւ Հայաստան, կը գտնուին մշակութային արարման շփոթի մէջ:

Հայաստանի եւ հայութեան աշխարհին հրամցուցած պատկերը գեղեցկացնելու քարոզչական միտումով, հայկական մշակոյթի ծանօթացման համար նախաձեռնութիւններ եւ յատկացումներ կ’ըլլան, եւ հոն կանգ կ’առնեն, առանց մշակոյթի ստեղծման համար նոյն ճիգը ընելու:

Դարավերջիկ ախտ է ամէն բան showի վերածել, գաղափար, անձ, մշակոյթ, քաղաքականութիւն:

Պէտք չէ թերագնահատել մշակոյթի ծանօթացման եւ քարոզչութեան աշխատանքը: Բայց միաժամանակ պէտք է գիտնալ, որ ծանօթացում եւ ցուցադրութիւն կը վերաբերին անցեալին: Անցեալը կարեւոր է, որպէսզի մենք եւ ուիշներ գիտնանք եւ գիտնան, որ արմատներ ունինք: Այս ճիգը անկասկա՛ծ դրական է:

Բայց եթէ կանգ առնենք քարոզչականի եւ ծանօթացման մակարդակին,  եւ ներկան անտեսենք, ժառանգութեան վերանորոգման եւ աճին չենք նպաստեր: Պատէն կախուած գեղօր  չէ մշակոյթը, որուն կը նայինք եւ կ’անցնինք, նոյնիսկ երբ կը հիանանք: Մշակոյթը եթէ շնչող չէ, կը մեռնի:

Մեր հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին համար պատմաքաղաքական բախտորոշ այս օրերուն, մեր ինքնահաստատման եւ ժամանակին հետ կարենալ քայլ պահելու համար անցեալ որոճալ, անուններով հպարտանալ, գովերգութիւն ակնկալել, մանր քաղքենիի սնապարծութիւն են, բայց մշակութային հարստութեան վրայ յաւելում չեն:

Մշակոյթի ներկան, որ ժողովուրդին համար է եւ ժողովուրդով կ’ապրի, ոչ միայն բանիմացներու ընտրանիով մը, օրակարգ չէ, որովհետեւ անոնք որոնք քարոզչութեամբ ընդհանուր բնորոշումով քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն, գործնապաշտներ են, կը հետապնդեն զանազան բնոյթի յաջողութիւններ եւ կը հակակշռեն տնտեսական միջոցները: Հարց կու տա՞նք, թէ յոբելեաններու եւ ամեակներու համար ծախսուած գումարներուն համեմատութեամբ ի՞նչ տոկոս կը ներկայացնեն ստեղծագործողներուն եղած յատկացումները,- անոնք ըլլան գրող, բանաստեղծ, դասական արուեստտվ երգիչներ եւ յօրինողներ: Եթէ օր մը կարելի ըլլայ եւ քաջութիւնը ունենանք կացութիւնը թիւերով սահմանելու, հաւանօրէն կը ցնցուինք, մենք մեզ վիրաւորուած կը զգանք… թերեւս  այդ պաճառ կ’ըլլայ կացութիւնը բարւոքելու:

Մշակոյթին եւ ընդհանապէս ստեղծագործական աշխատանքին սպառնացող մեծագոյն վտանգը անոր ամբոխայնացումն է, որ զինք դարձնէ ժամանակաւոր եւ անվաղորդայն:

Անկասկած պէտք է հրատարակել, վերահրատարակել, թարգմանել Գրիգոր Նարեկացի, Մեծարենց, Չարենց, Շիրազ, Մաթեւոսեան, Զէյթունցեան, եւ ուրիշներ: Բայց այսօր Հայաստան եւ սփիւռքներ քանի հոգի լսած են Սլաւիկ Չիլոյեանի (Հայաստան) եւ Յարութ Կոստանդեանի (սփիւռք) մասին, ո՞ւր կարելի է գտնել անոնց գիրքերը, քանի հայ տուներու, նաեւ քանի դպրոցներու գրադարաններուն մէջ կը գտնուին անոնց գիրքերը: Շաւարշ Միսաքեան եւ Շաւարշ Նարդունի գրեթէ անծանօթներ են Հայաստանի մէջ, երբ դուրս կու գանք գրականագէտներու շրջանակէն: Շատ լաւ է յիշել եւ ցուցադրել գեղանկարիչ Մինասի գործերը, ճաշակի զարգացման եւ յարգանքի համար, ներկայացնել «Անուշ» օփերան, բայց պայմանները պէտք է ստեղծել, որ յայտնուին նորեր, եւ այդ պայմանները սոսկ քաջալերական խօսքեր պէտք չէ ըլլան: Այս, առաջին հերթին, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աշխատանքն է, ապա նաեւ սփիւռք(ներ)ի բազմաթիւ եւ անորոշ թիւով մեծ եւ պզտիկ մշակութային միութիւններու, որոնք ընդհանրապէս կը բաւականանան «էստրատային» երգիչ մը բեմ հանելով, մեծ սրահներ լեցնելով, լիաբուռն վճարելով եւ սեփական գանձին եկամուտ ապահովելով: Եւ եղաւ մշակոյթ:

Քննել՝ թէ ինչպէ՞ս կարելի է նպաստել մշակոյթի զարգացման եւ ժողովրդականացման, ի՞նչ ընել որպէսզի տաղանդները յայտնուին, ծաղկին եւ իրենք զիրենք իրագործեն: Այս պէտք է ըլլայ նախարարութեան եւ մշակութային միութիւններու օրակարգը: Այս կամ այն երկրի քաղաքներէն մէկուն մէջ խաչքար մը զետել լաւ բան է, բայց այդ աշխատանքով տեղայնական ծափահարութենէ անդին, այդ ընողները տարին մէկ հատ հայերէն գիրք կը գնե՞ն եւ կը կարդա՞ն: Ձեւականութենէ անդին երբեմն ալ պէտք է մտահոգուիլ խորքով :

Ամէն անգամ որ աղմուկ-իրարանցումով յոբելեան կը տօնենք, ամեակներ կը նշենք, բարեսերական նպատակով մեծանուն երգիչներ, երաժիշտներ եւ ասմունքողներ բեմ կը հանենք, մեր նախաձեռնութեան մեկնակէտին այս հարցումները պէտք է ուղղենք, այլապէս մենք մեզի եւ զանգուածին կը պարտադրենք ամուլ եւ ամլացնող անցելապաշտութիւն, շաբաթավերջի ծափի զուարճութիւն:

Օրինակ, մեծ քանդակագործ է Երուանդ Քոչար, բայց Հայաստանի մէջ հազիւ թէ «սփիռքի քանդակագործ» է Զաւէն Խտըշեանը:

Այս մտահոգութիւններով առաջնորդուող ղեկավարութիւն պէտք է, որպէսզի անցեալի դասականին հետ նաեւ ներկան զանգուածներուն սեփականութիւնը դառնայ եւ զանգուածները նոյն այդ նորին տիրութիւն ընեն: Նորի ստեղծման նպաստեն:

Կարգ մը երկիրներու մէջ սովորութիւն դարձած է արդէն, օրինակ, գեղանկարիչին գործը վարձել մէկ շաբաթով, քանի մը ամիսով, քանի որ ամէն արուեստասէր չի կրնար նկարիչին գործը գնել, նոյնիսկ եթէ արուեստի սիրահար է: Նման նախաձեռնութիւն մեր մէջ փոխադրելով կը նպաստենք ճաշակներու զարգացման, արուեստի նկատմամբ հետաքրքրութեան եւ սիրոյ ստեղծման, եւ ժողովուրդը դուրս կը բերենք սպառողական ընկերութեան պարտադրած մակերեսայնութենէն, թմրութենէն, ստորակայութեամբ յատկանշուող օտարամոլութենէ:

Հետաքրքրական եւ օգտակար պիտի ըլլար թիւերով խօսիլ, գիտնալ, թէ ի՞նչ կ’արժէ յոբելեան մը կամ ամեակ մը, եւ ըսել թէ ի՞նչ նպաստ կը բերեն անոնք մշակոյթի զարգացման, նորի յայտնութեամբ հարստացման:

Հոգեպարար եւ գովերգական թղթակցութիւններուն կողքին խօսիլ նաեւ այս հարցերուն մասին: Եւ այս մեղանչում չ’ըլլար:

Այս բոլորին մէջ ամենէն դիւրին տեսանելին եւ թիւերով ճանաչելին գրականութիւնն է: Գիրքերը կը տպուին: Գաղտնիք չէ անոնց տպաքանակը եւ գրողին ապահոված անոր եկամուտը, որ անոր համակարգիչին եւ ելեկտրականութեան ծախսին իսկ չի բաւեր: Գրականութեան պարագային, մշակութային իր անուան արժանի քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ այն՝ որ հայ գրողը իր գրիչով կարենայ ապրիլ:

Մեր մեծերը եւ նուազ մեծերը կը պատահի՞ վիրաւոուած զգան իրենք զիրենք, երբ մտաւորականին տարիներու տքնաջան ուսումնասիրութիւնը լոյս կը տեսնէ 100 օրինակով եւ հեղինակին ծախսով:

Պարզ աչքով կը տեսնենք, որ մշակութային քաղաքականութիւնը կը ծանծաղի քարոզչութեան եւ բաժակաճառի տխրութիւններուն մէջ: Կը ծափահարենք ինչպէս կը մրցադաշտի յաղթական մարզիկները կը ծափահարենք… Քանի որ մշակոյթ առաջնորդելու կոչուածները ընդհանրապէս մշակոյթի մարդիկ չեն:

Յաճախ ալ կը գոհանանք կողմնապաշտական եւ ընկերահամակրական ծափահարութիւններով…

Ամէն անգամ որ յոբելեանի մը կամ ամեակի մը ներկայ կ’ըլլամ, բեմէն հնչող մեծ մեծ խօսքերը եւ յաճախ ալ երգիչ-երգչուհիները յուզումով լսելէ ետք, սրահէն դուրս գալու պահուս ես ինծի կը հարցնեմ. յետոյ ի՞նչ…

Երեւելիապաշտական էսթէպլիշմընթը կ’երթայ, կու գայ, բայց նման հարցումներ ոչ կ’ուղղէ ոչ ալ կը լսէ:

Յետոյ ի՞նչ վաղուան համար…