«Միացեալ Նահանգներ Տակաւին Չեն Ճանչնար Թուրք Ժողովուրդը»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Քրիստափոր Իսկէնտէրեան

Ժողովուրդներէ բռնի խլուած տարածքներու եւ հայրենիքներու վրայ հիմնուած Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է հետեւեալ ճշմարտութիւնը` «Միացեալ Նահանգները տակաւին չեն ճանչնար թուրք ժողովուրդը»: Ան իր այս անկեղծ յայտարարութեան կողքին, դարձեալ խօսքը ուղղելով իր երկիրը պատժող ու սպառնացող Միացեալ Նահանգներուն, կատարած է ճշմարիտ այլ վկայութիւն մը` «Մենք ունինք այնպիսի պատմութիւն մը, որ այդպիսի սպառնալիքներով մեզ չեն կրնար վհատեցնել»:

Էրտողան հազուադէպօրէն կ՛արտասանէ ճշմարիտ խօսքեր: Անոր յայտարարութիւնները ընդհանրապէս հիմնուած կ՛ըլլան սուտերու եւ երեւակայութիւններու վրայ: Անոր ամէնէն նշանաւոր սուտասանութիւններէն են հետեւեալները. «Առաջին անգամ լուսին հասնողները օսմանցիներն էին», «Լուսնի վրայ առաջին անգամ քալողը Նիլ Արմսթրոնկը չէր, այլ` օսմանցիները», «Իսլամ նաւաստիներ, Քրիստափոր Քոլումպոսէն 314 տարիներ առաջ հասած ու գտած են Ամերիկան»…

Սակայն, ի տարբերութիւն վերոյիշեալ խաբեբայութիւններուն, Էրտողան Միացեալ Նահանգներուն ուղղած խօսքերը արտասանած է ամենայն անկեղծութեամբ: Ես ալ` իբրեւ հայ, կը հաստատեմ էրտողանին այն յայտարարութիւնը, որ Միացեալ Նահանգները չեն ճանչնար թուրք ժողովուրդը: Ինչո՞ւ… շա՛տ պարզ է, որովհետեւ եթէ ճանչնային զանոնք, մինչեւ այսօր ճանչցած կ՛ըլլային Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը:

Էրտողան իր այս խօսքը կը շարունակէ` ըսելով. «Փաստօրէն անոնք այս ժողովուրդը տակաւին չեն ճանչնար, պիտի ճանչնան»: Հետաքրքրական եւ ամպագորգոռ սպառնալիք մըն է այս. արդեօք քանի մը ամերիկացի՞ պիտի ջարդէ, թէ՞ ոչ ամերիկացի հոգեւորական պատանդը կախաղան պիտի բարձրացնէ դիւրացնելու համար Միացեալ Նահանգներու կողմէ թուրք ժողովուրդը ճանչնալու գործողութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի միւս յայտարարութեան, որ կ՛անդրադառնայ թուրք ժողովուրդի պատմութեան, անժխտելիօրէն իրական եւ վաւերական է: Ինչո՞ւ… որովհետեւ պատմութեան ընթացքին, անոնք փաստած են իրենց որքա՛ն բարբարոս եւ ոճրագործ ըլլալը եւ կը կարծեն, որ վախնալով այդ փաստէն` ո՛չ ոք պիտի համարձակի սպառնալ, պատժել կամ նոյնիսկ վնաս հասցնել իրենց:

Յոյսով մնանք, որ պրն. նախագահը շարունակէ իր այս ճշմարտախօսութիւնները` աջակցելով Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը բացայայտելու մեր աշխատանքին:

Կեցցէ՛ ճշմարտախօսութիւնը,

Կեցցէ՛ ինքնաճանաչումը: