Թուրքիոյ Մէջ Աւստրիացի Լրագրող Մը Ձերբակալուած է

Աշխարհ

Սեպտեմբեր 12-ին, Անգարայի մէջ, ձերբակալուած է աւստրիացի լրագրող եւ սիւնակագիր Մաքս Զիրընկասթ, որ կ՛ամբաստանուի «ահաբեկչութեան» սատարելու եւ «քաղաքական հրապարակումներ» կատարելու յանցանքներով: Բացի աւստրիացի լրագրողէն, ձերբակալուած են նաեւ այլ լրագրողներ, որոնց ինքնութիւնը յայտնի չէ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Re։volt» թերթը, որուն սիւնակագիրներէն մէկն է Զիրընկասթ, այս մասին գրած է. «Թուրքիա կը փորձէ բոլոր ընդդիմադիրներուն ձայնը լռութեան մատնել, սակայն՝ պիտի չյաջողի՛»:

Լրագրողը ձերբակալելու մասին լուրը աւելի ուշ հաստատուեցաւ նաեւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, որ այդ մասին յստակացում պահան-ջեց Անգարայէն։

Իր կարգին, «Առանց սահմանի լրագրողներ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ կոչ ըրաւ անյապա՛ղ ազատ արձակելու Զիրընկասթը:

Նշենք, որ Զիրընկասթ շարք մը յօդուածներ հրապարակած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մասին:

Միւս կողմէ, գերմանական մամուլով Սեպտեմբեր 12ին բացայայտուած է, թէ գերմանական հպատակութիւն ունեցող թուրք մը, որուն անունը չի բացայայտուիր, ահաբեկչական խմբաւորման անդամակցութեան մեղադրանքով 9 տարուան եւ 9 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած է անցեալ տարուան Յուլիսին: 55ամեայ դատապարտեալը ամբաստանուած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Կիւլենական շարժումին հետ կապուած ընկերութիւն մը ղեկավարելու յանցանքով։ Յայտնի է, սակայն, որ Իզմիրի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանը բանտարկուած այս քաղաքացիին անհրաժեշտ խորհրդատուական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ:

Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած Գերմանիոյ քաղաքացիներուն հարցը թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ պարբերաբար լուրջ լարուածութիւն կը յառաջացնէ: