Դեսպաններու Կցորդները Բացառապէս Սփիւռքի Համայնքային Հարցերով Պիտի Զբաղին

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ պատգամաւոր Ռուզան Առաքելեան Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12-ին Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին հարցուց անոր Սփիւռքի համայնքներու մէջ ներկայացուցիչներ նշանակելու մասին մտադրութեան մասին:

Պատգամաւորը հարցուց, թէ ի՛նչ գործառոյթներ պիտի ունենան այդ անձերը, եւ այդ պարագային ինչո՞վ պիտի զբաղին դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները:

«Նախկին իշխանութիւններուն օրով Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները սահմանափակուած են բացառապէս Սփիւռքէն նիւթական աջակցութիւն ստանալու ակնկալիքներով: Այսօր, նոր կառավարութիւնը բոլորովին նոր որակի մօտեցում ունի: Մենք կը կարծենք, որ երկկողմ փոխշահաւէտութեան հիմքին վրայ պէտք է դրուին յարաբերութիւնները: Այսօր մենք պիտի ստեղծենք պետութիւն մը, որ կանգնած պիտի ըլլայ Սփիւռքի թիկունքին:

Ինչ կը վերաբերի իմ յայտարարութեան՝ կապուած մեր ներկայացուցիչներուն հետ, մեր նախարարութիւնը քննարկումներու մէջ է արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Դիւանագիտական բաժանմունքներու գործառոյթներէն չի բխիր ներհամայնքային կեանքին խառնուիլը, այլ գործառոյթներ ստանձնելը: Մեր պայմանական կցորդները պիտի զբաղին բացառապէս համայնքային խնդիրներով, պիտի այցելեն դպրոցներ, պիտի հասկնան ներհամայնքային խնդիրները»,- ըսաւ նախարարը: