Հայ Դատի Յանձնախումբը Ատրպէյճանի Մէջ Նոր Դեսպանի Դիրքերուն Յստակացումը Կը Պահանջէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարեկամներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտօնատարներ կոչ կ՛ուղղեն Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամներուն, որ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Ըրլ Լիցընպըրկըրի նշանակումը վաւերացնելէ առաջ` յստակացնեն անոր դիրքորոշումները Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Արցախի եւ Հայաստանի առնչուող հարցերուն կապակցութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթ Ատրպէյճանի մէջ դեսպան նշանակած էր Լիցընպըրկըրը, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ երկար տարիներու դիւանագէտ մըն է եւ ցարդ աշխատած է Աֆղանիստանի, Սերպիոյ եւ Խըրխըզստանի մէջ, իսկ ներկայիս կը զբաղեցնէ նախարարութեան ռազմաքաղաքական հարցերով գրասենեակի աւագ խորհրդականի պաշտօնը:

Յիշեցնենք, որ նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Ատրպէյճանի մէջ դեսպան նշանակուած Մեթիու Պրայզայի նշանակումը երկու առիթներով կասեցուած էր` Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ի նպաստ անոր բացայայտ կողմնորոշումներուն պատճառով: Ան աւելի ուշ զարտուղի միջոցներով դեսպան նշանակուեցաւ, այդ պատճառով ալ միայն մէկ տարի մնաց այդ պաշտօնին վրայ: