Կարէն Կարապետեան Հաշուեքննիչ Պալատի Անդամի Պաշտօնին Առաջադրուեցաւ

Հայաստան

ՀՀ Ազգային ժողովը Հաշուեքննիչ պալատի անդամի պաշտօնին համար առաջադրեց Կարէն Կարապետեանի թեկնածութիւնը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Կարապետեանի թեկնածութիւնը առաջարկած է Հանրապետական խմբակցութիւնը, որ միաձայն ընդունած է ԱԺ ֆինանսավարկային եւ պիւտճէթային հարցերու մշտական յանձնաժողովը:

«Կարէն Կարապետեան ունի այն մասնագիտական որակները, որոնք անոր հնարաւորութիւն պիտի տան իրականացնելու իր պարտականութիւնները: Կարէն Կարապետեան Վերահսկիչ պալատին մէջ ունի աշխատանքի մեծ փորձ, աշխատանքի փորձ ունի նաեւ այլ մարմիններու մէջ, որ չափազանց կարեւոր է»,- նշած է յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Մինասեան:

Կարէն Կարապետեանի խօսքով՝ աշխատանքային մեծ փորձը իրեն հնարաւորութիւն պիտի տայ մէկ անգամէն անցնելու պարտականութիւններու կատարման:

«Ընտրուելու պարագային առաջնային կը համարեմ վտանգի մեթոտաբանութեան յստակացումն ու լրամշակումը: Աշխատանքներ պիտի տանիմ, որպէսզի Հաշուեքննիչ պալատը համալրուի հաշուեքննութիւն կատարելու ունակութիւն ունեցող բարձրակարգ մասնագէտներով»,- ըսած է ան:

Հաշուեքննիչ պալատի անդամի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 11-ին՝ գաղտնի քուէարկութեան միջոցով:

Նշենք, որ Կարէն Կարապետեան 2016 Նոյեմբեր 28-էն ՀՀ  ՊՆ նիւթաթեխնիքական ապահովման բաժանմունքի պետի պարտականութիւններու ժամանակաւոր պաշտօնակատարն է: