Այս Տարուան Առաջին 6 Ամիսներուն Հայաստանի Մէջ Արձանագրուած է Վերջին 8 Տարիներու Ամենաբարձր Տնտեսական Աճը

Հայաստան

Սեպտեմբեր 3-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան ամփոփեց իր պաշտոնավարման 100 օրը: Ան ներկայացուց 100 օրուան մէջ նախարարութեան կատարած աշխատանքները:

Ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ այս տարուան առաջին 6 ամիսներուն վերջին 8 տարիներու ամենաբարձր տնտեսական աճը արձանագրուած է:

«Անիկա կազմած է 8.3 տոկոս: 2018-ի առաջին 6 ամսուան մասով այս ցուցանիշը, երբ ճիւղային վերլուծութեան կ՛ենթարկենք, պարզ կը դառնայ, որ աճին ամենաշատը նպաստող հիմնական մասը առեւտուրի եւ ծառայութիւններու ոլորտն է` շուրջ 5.3 տոկոս: Շինարարութիւնը աճած է 8.9 տոկոսով, բայց նպաստման չափը 0.5 տոկոսային կէտ է, որովհետեւ անոր տեսակարար կշիռը տնտեսական աճի մէջ նախորդ ժամանակահատուածին փոքր եղած է: Արդիւնաբերութիւնը նպաստած է 1.4 տոկոսային կէտով, գիւղատնտեսութիւնը` 0.5 տոկոսային կէտով”,-«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` ըսած է Մինասեան:

Նախարարը յայտնած է, որ ընդհանուր առմամբ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը Յունուար-Յուլիս ամիսներուն եղած է 9.3 տասներորդական տոկոս: «Ի դէպ, արդիւնաբերութիւնը աճած է 4.3 տոկոսով, գիւղատնտեսական արտադրանքի ծաւալը` 4.6 տոկոսով, շինարարութեան ծաւալը` 10.4 տոկոսով, առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալը` 8.9 տոկոսով եւ ծառայութիւններու ծաւալը, որ ամենամեծը եղած է` 18.7 տոկոսով»,- մանրամասնած է նախարարը:

 Ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստան այցելած է 685 հազար 970 զբօսաշրջիկ, յայտնած է Մինասեան: «Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աճը կազմած է 10.2 տոկոս: Զբօսաշրջութեան նպատակով հանրապետութենէն մեկնած է 610 հազար 900 մարդ: Աճը կը կազմէ 7.1 տոկոս: Ժամանած ու մեկնած զբօսաշրջիկներու տարբերութիւնը կազմած է շուրջ 75 հազար մարդ: Նախորդ տարի այս ցուցանիշը 52 հազար էր»,- ըսած է ան:

Ըստ նախարարին՝ զբօսաշրջիկներուն մօտ 27.1 տոկոսը ԱՊՀ երկիրներէն են, որ նախորդ տարուան համեմատ 17.4 տոկոսի աճած է: «Զբօսաշրջիկներուն 24 տոկոսը Հայաստան այցելած է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն: Աճը այս պարագային կազմած է 43.3 տոկոս: Այլ երկիրներուն բաժին կ՛իյնայ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու 48.9 տոկոսը, աճը կազմած է 8.1 տոկոս։ 17.1 տոկոսով աճած է ներքին զբօսաշրջութիւնը»,- մանրամասնած է ան: