Արցախի ՊՆ Զօրամասին Մէջ Զինծառայող Մը Մահացած է

Հայաստան

Սեպտեմբեր 2-ին` մօտ ժամը 21:00-ին, Պաշպանութեան Բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, դեռ լրիւ չպարզուած հանգամանքներու մէջ (նախնական` ինքնասպանութիւն), մահացած է ՊԲ զինծառայող, 1996-ի ծնունդ Վանիկ Արթուրի Գէորգեանը:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

«Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»,-ըսուած է ՊՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ: