Վարչապետին Կից Հիւլէական Ուժանիւթի Անվտանգութեան Խորհուրդ Պիտի Ստեղծուի
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան խորհուրդ պիտի ստեղծուի: Համապատասխան որոշումը հրապարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ելեկտրոնային կառավարման E-Gov.am հարթակով:
Կը նշուի, որ վարչապետին կից խորհուրդի ստեղծումը կը բխի «Հայկական հիւլէակայան»-ի գործող բաժինը (պլոքը) անվտանգ շահագործման պահանջէն, ինչպէս նաեւ պայմանաւորուած է երկրին մէջ հիւլէական ուժանիւթի զարգացման եւ նոր միջուկային բաժինի կառուցման անհրաժեշտութեամբ:
Խորհուրդի գործադիր քարտուղար նշանակուած է Վահրամ Պետրոսեան: