Մամլոյ Ասուլիս` Նուիրուած Համազգայինի 90-ամեակի Յոբելեանական Հանդիսութեան

Այլեւայլ, Հայաստան

Սեպտեմբեր 7-ին, ժամը` 14:00-ին, Գ․ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրման 90-ամեակի յոբելեանական հանդիսութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիսը:

Բանախօսներն են` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեան եւ Համազգայինի 90-ամեակի յոբելեանական հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագրի բեմադրիչ Վարդան Մկրտչեան։