Ուիլեըմ Սարոյեան (1908-1981). Ա­մե­րի­կեան Գրա­կա­նու­թեան Հա­յատ­րոփ Մեծ Սիր­տը

Uncategorized

Նազարէթ Պէրպէրեան


Օ­գոս­տոս 31ի այս օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը տօ­նէ ծննդեան 110ա­մեա­կը իր մե­ծա­տա­ղանդ զա­ւակ­նե­րէն եւ աշ­խար­հահռ­չակ ար­ժէք­նե­րէն Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեա­նի։
Հա­յե­րէն լե­զո­ւով չգրեց ­Սա­րո­յեան, ստեղ­ծա­գոր­ծեց ա­մե­րի­կեան գրա­կա­նու­թեան ա­ւանդ­նե­րուն հա­մա­հունչ, նաեւ՝ ա­մէն գոյ­նի եւ սե­ռի մարդ էա­կի հան­դէպ ան­հուն սի­րոյ պար­զու­թեամբ եւ եր­գի­ծան­քով փա­րե­ցաւ կեան­քին ու աշ­խար­հին, բայց հա­նուր մարդ­կու­թեան ժա­ռան­գու­թիւն ձգեց գե­ղա­րուես­տա­կան բարձ­րո­րակ գրա­կա­նոււ­թիւն մը, ուր միշտ տի­րա­կան ե­ղաւ ին­քը՝ ան­վի­ճե­լիօ­րէն հայ ­Սա­րո­յեա­նը, ան­վի­ճե­լիօ­րէն հա­յա­շունչ իր աշ­խար­հա­յեաց­քով։
Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեան միշտ հպար­տու­թեամբ շեշ­տեց, որ անգ­լե­րէն գրե­լով եւ ա­մե­րի­կեան մի­ջա­վայ­րէն իր նիւ­թե­րը քա­ղե­լով հան­դերձ՝ խո­րա­պէս ա­մե­րի­կա­հայ գրող է ինք եւ ան­պայ­ման մաս կը կազ­մէ հայ գրող­նե­րու տա­ղան­դա­շատ ըն­տա­նի­քին։
Ծ­նած էր 1908ին, Ֆ­րեզ­նօ (Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Քա­լի­ֆոր­նիա նա­հան­գին մէջ), Բիթ­լի­սէն գաղ­թած հայ ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ։ ­Հայ­րը՝ Ար­մե­նակ ­Սա­րո­յեան 1905ին, 30 տա­րե­կա­նին եւ ա­ռան­ձինն, պան­դուխտ ե­կած էր ­Նիւ Եորք, բա­ւա­րար դրամ շա­հե­լու եւ նո­րա­կազմ ըն­տա­նի­քը իր մօտ բե­րե­լու յոյ­սե­րով։ Այդ­պէս ալ ե­ղաւ, շու­տով կի­նը՝ ­Թա­գու­հին ու ե­րեք զա­ւակ­նե­րը հա­սան ­Նիւ Եորք, բայց չսի­րե­ցին ­Նիւ Եոր­քի կլի­ման եւ Ար­մե­նակ իր ըն­տա­նի­քով ան­ցաւ ­Քա­լի­ֆոր­նիա, ո­րուն օդն ու բնու­թիւ­նը ա­ւե­լի հա­րա­զատ էին։ 1908ին ծնաւ ըն­տա­նի­քի չոր­րորդ զա­ւակն ու երկ­րորդ տղան՝ Ո­ւի­լեը­մը։ ­Բայց ա­նակն­կալ եւ ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թիւն մը, ե­րեք տա­րի ետք, պատ­ճառ դար­ձաւ Ար­մե­նա­կի մա­հո­ւան։
Իր ­Հեն­րի եղ­բօր եւ ­Զա­պէլ ու ­Կո­զէթ քոյ­րե­րուն հետ Ո­ւի­լեըմ որ­բա­ցաւ հօր­մէ։ ­Մայ­րը ստի­պո­ւե­ցաւ իր դե­ռա­տի զա­ւակ­նե­րը յանձ­նել Fred Finch Orphanage ա­նու­նով Օք­լէնտ գտնուող որ­բա­նո­ցի խնամ­քին, իսկ ինք աշ­խա­տանք գտաւ մեր­ձա­կայ ­Սան Ֆ­րան­սիս­քօ քա­ղա­քին մէջ։ Քա­նի մը տա­րի ետք ըն­տա­նի­քը վե­րա­միա­ցաւ Ֆ­րեզ­նո­յի մէջ, ­Սան Եո­վա­քիմ ­Հո­վի­տի շրջա­նը։ Ա­նոնց միա­ցաւ նաեւ ­Թա­գու­հիի մայ­րը՝ նոր այ­րիա­ցած ­Լիւ­սին, որ խոր ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի գոր­ծէր մա­նուկ Ո­ւի­լեը­մի կազ­մա­ւոր­ման վրայ։
Որբ ման­կու­թեան կեան­քի դա­ժան պայ­ման­նե­րը, որ­բա­նո­ցա­յին կեան­քը, Ֆ­րեզ­նո­յի գե­ղե­ցիկ բնու­թիւ­նը եւ սո­վո­րա­կան մար­դոց պար­զու­թիւ­նը շա­ղա­խե­ցին Ու­լիեը­մի ան­սահ­ման մարդ­կայ­նա­պաշ­տու­թիւ­նը։ ­Պա­տա­նի տա­րի­քէն, ապ­րուս­տի հո­գե­րով, ստի­պո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւիլ, սի­րեց եւ փա­րե­ցաւ թերթ բաշ­խե­լու գոր­ծին, բայց միա­ժա­մա­նակ՝ կա­նո­նա­ւոր ուս­ման բա­ցա­կա­յու­թեան, կլա­նո­ւե­ցաւ ինք­նա­դաս­տիա­րա­կու­թեամբ ու ինք­նա­զար­գա­ցու­մով. ան­յա­գօ­րէն նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ա­մե­րի­կեան եւ հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան ան­կորնչե­լի գո­հար­նե­րու ըն­թեր­ցա­նու­թեան, յատ­կա­պէս սե­փա­կան՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թեան, ա­ւան­դոյթ­նե­րուն, պատ­մու­թեան եւ շրջա­պա­տի հայ­կա­կան կեան­քի խու­զար­կու ու­սա­նո­ղը դար­ձաւ։
Այդ­պէ՛ս սկսաւ գրել եւ ա­ռա­ջին ան­գամ 1933ին, ­Պոս­թո­նի Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հայ­րե­նիք» շա­բա­թա­թեր­թի է­ջե­րուն, ­Սի­րակ ­Կո­րեան ստո­րագ­րու­թեամբ լոյս ըն­ծա­յեց իր ա­ռա­ջին պատ­մո­ւած­քը։ ­Տա­րի մը ետք ար­դէն, 1934ին, լոյս ըն­ծա­յեց «­Խի­զախ պա­տա­նին թռչող ճօ­ճա­ձո­ղի վրայ եւ այլ պատ­մո­ւածք­ներ» խո­րագ­րով իր ա­ռա­ջին անգ­լե­րէն գիր­քը, որ ան­մի­ջա­պէս լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտաւ եւ մեծ հռչակ ա­պա­հո­վեց 26ա­մեայ ար­ձա­կա­գի­րին։ Այդ առ­թիւ ա­մե­րի­կեան ծա­նօթ քննա­դատ Պ. ­Ռաս­քոն գրեց.- «Ի՞նչն է յատ­կան­շա­կան ­Սա­րո­յեա­նի պա­րա­գա­յին իբ­րեւ գրո­ղի: ­Սա­րո­յեան բուռն է, պոռթ­կուն եւ խե­լա­ցի. ան թախ­ծոտ է, քնքոյշ ու մարդ­կա­յին. ան միա­միտ կը ձե­ւա­նայ, սա­կայն բնաւ միա­միտ չէ…։ ­Սա­րո­յեան կ­’ա­տէ դա­ժա­նու­թիւնն իր բո­լոր դրսե­ւո­րում­նե­րով. ան կը յար­գէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւնն ու հպար­տու­թիւ­նը»:
Այս­պի­սի՛ ող­ջեր­թի խօս­քե­րով ­Սա­րո­յեան մուտք գոր­ծեց ա­մե­րի­կեան գրա­կա­նու­թեան լայն աս­պա­րէ­զը։ ­Յա­ջորդ տա­րի իսկ, 1935ին, ­Սա­րո­յեան այ­ցե­լու­թեան գնաց հայ­րե­նի հո­ղին, ե­ղաւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տան, նաեւ՝ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան, ուր շու­տով մտեր­մու­թիւն հաս­տա­տեց Չա­րեն­ցի եւ ­Մար­տի­րոս ­Սա­րեա­նի նման հա­յոց մե­ծե­րուն հետ։
Այդ տա­րի­նե­րուն եր­կար ժա­մա­նա­կով ­Սա­րո­յեան ապ­րե­ցաւ ու ստեղ­ծա­գոր­ծեց ­Փա­րի­զի մէջ։ Իր գրա­կան կեան­քի ա­ռա­ջին տաս­նա­մեա­կին, ան գրեց եւ ի­րե­րա­յա­ջորդ ա­ւե­լի քան տա­սը հա­տոր­նե­րով լոյս ըն­ծա­յեց մի քա­նի հա­րիւր պատ­մո­ւածք։ Քն­նա­դատ­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ «յատ­կա­պէս կարճ պատ­մո­ւած­քի ու նո­րա­վէ­պի ժան­րին մէջ, ներ­մու­ծած է տե­ղի ու ժա­մա­նա­կի ի­րո­ղու­թեան հետ սեր­տօ­րէն կա­պո­ւած ըն­կե­րա­յին-հո­գե­բա­նա­կան թարմ խնդիր­ներ, ար­դիա­կան հնչե­ղու­թիւն ու­նե­ցող մար­դա­սի­րա­կան-բա­րո­յա­կան հար­ցեր, պա­տու­մի նոր ձե­ւեր, քնա­րա­կա­նու­թեամբ ու հիւ­մո­րով լի հնչե­րանգ­ներ, բնա­կա­նու­թիւն եւ ճշմար­տա­ցիու­թիւն, պատ­կեր­նե­րու եւ կեր­պար­նե­րու գու­նա­գե­ղու­թիւն»:
Սա­րո­յեա­նի գրա­կան կեր­պար­նե­րէն շա­տեր կը ներ­կա­յաց­նեն հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րը՝ ազ­գա­յին ա­վան­դոյթ­նե­րով ու բար­քե­րով: ­Յատ­կա­պէս «Իմ ա­նունս Ա­րամ է» (­Սա­րո­յեա­նի որ­դին՝ Ա­րամ, նոյն­պէս տա­ղան­դա­ւոր ար­ձա­կա­գիր ե­ղաւ) հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ, ­Հայ­րե­նի­քի թե­ման, ինչ­պէս նաեւ հայ­կա­կան դա­րա­ւոր ա­ւան­դոյթ­նե­րը պահ­պա­նող մար­դոց կեր­պար­նե­րը կը հա­կադ­րո­ւին ա­մե­րի­կեան ապ­րե­լա­կեր­պի հա­մա­հար­թեց­նող չա­փա­նիշ­նե­րուն: Ի­րա­կա­նու­թեան հետ նոյն­պի­սի յա­րա­բե­րու­թեան մէջ են «տա­րօ­րի­նակ» ու ձա­խորդ մար­դոց սա­րո­յեա­նա­կան կեր­պար­նե­րը ու մա­նա­ւանդ մա­նուկ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու տպա­ւո­րիչ հե­րոս­նե­րը: Ա­նոնք հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան մէջ մտան իբ­րեւ մարդ­կա­յին հո­գիի մաք­րու­թեան խորհր­դա­նիշ: Ի­րա­կա­նու­թեան եւ ե­րա­զան­քի հա­կադ­րու­թեան, ան­հա­տի ներ­քին ա­զա­տու­թեան եւ հո­գեմ­տա­ւոր գե­ղեց­կու­թեան, սի­րոյ եւ բա­րիի հաս­տատ­ման հար­ցերն են մարմ­նա­ւո­րո­ւած Սա­րո­յեա­նի ար­ձակ է­ջե­րուն, ո­րոնք հե­տաքրք­րա­կան լու­ծում ստա­ցած են նաեւ ա­նոր թատ­րեր­գու­թեանց մէջ («Իմ սիր­տը լեռ­նե­րում է», «­Կեան­քիդ ժա­մա­նա­կը», «­Քա­րան­ձա­ւի մար­դիկ», «­Հէ՜յ, ո՞վ կայ այդ­տեղ», «­Կո­տո­րածն ման­կանց», «­Խա­ղո­ղի այ­գին» ե­ւայլն)»։
1942ին ­Սա­րո­յեան զօ­րա­կո­չո­ւե­ցաւ բա­նակ, ուր աշ­խա­տե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան բե­մագ­րու­թեանց ստեղծ­ման վրայ: Ան պա­տե­րազ­մը ըն­կա­լեց իբ­րեւ ա­ղէ­տի եւ այդ նիւ­թը ար­տա­ցո­լո­ւած է իր «­Մարդ­կա­յին կա­տա­կեր­գու­թիւն» վի­պա­կին եւ «Ո­ւես­լի ­Ճէք­սը­նի ար­կած­նե­րը» վէ­պին մէջ: 1950-1960ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ­Սա­րո­յեան դար­ձեալ ապ­րե­ցաւ Եւ­րո­պա, ա­պա վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­ներ։ Այդ տա­րի­նե­րուն, ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան նիւ­թի օգ­տա­գոր­ծու­մով՝ ­Սա­րո­յեան ստեղ­ծեց հո­գե­բա­նա­կան վի­պակ­նե­րու ար­ժէ­քա­ւոր շարք մը:
1960ա­կան­նե­րէն, ­Սա­րո­յեան նուի­րո­ւե­ցաւ յու­շագ­րա­կան գոր­ծե­րու ստեղծ­ման: ­Յատ­կա­պէս ու­շագ­րաւ են ­Պեռ­նարտ ­Շո­յի, ­Չար­լի ­Չափ­լի­նի, ­Թո­մաս Է­լիո­թի, Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի նո­ւի­րուած է­ջե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Սա­րո­յեա­նի մտո­րում­նե­րը գրա­կա­նու­թեան կոչ­ման վե­րա­բե­րեալ:
Ո­ւի­լեըմ ­Սա­րո­յեան վախ­ճա­նե­ցաւ 16 ­Մա­յիս 1981ին, իր ծննդա­վայր Ֆ­րեզ­նո­յի մէջ։
Հայ մեծ գրո­ղին ա­ճիւ­նին մէկ մա­սը թա­ղո­ւած է Ե­րե­ւա­նի ­Կո­մի­տա­սի ա­նուան զբօ­սայ­գիի պան­թէո­նը:
Սա­րո­յեա­նի ծննդեան տա­րե­դար­ձին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել նախ ­Հա­յու իր հան­րա­ծա­նօթ պոռթ­կու­մով՝
«Կ’ու­զէի տես­նել այս աշ­խար­հի վրայ ո­րե­ւէ ուժ, որ բնաջն­ջէ այս սե­րուն­դը. այս փոքր ցե­ղին ան­կա­րե­ւոր ժո­ղո­վուր­դը, ո­րուն բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րը մղո­ւած են եւ յաղ­թո­ւած, կա­ռոյց­նե­րը՝ փշրո­ւած, գրա­կա­նու­թիւ­նը՝ չէ կար­դա­ցո­ւած, ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ չէ լսուած եւ ա­ղօթք­ներն ալ չեն պա­տաս­խա­նո­ւած: ­Հա­մար­ձա­կե­ցէ՛ք բնաջն­ջել ­Հա­յաս­տա­նը: ­Տե­սէ՛ք, թէ կրնա՞ք։ Աք­սո­րե­ցէ՛ք դէ­պի ա­նա­պատ­նե­րը՝ ա­ռանց հա­ցի եւ ջու­րի: Այ­րե­ցէ՛ք ա­նոնց տու­ներն ու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը: ­Յե­տոյ տե­սէ՛ք, թէ ա­նոնք ար­դեօք կրկին չե՞ն խնդար, եր­գեր կամ ա­ղօ­թեր: Ո­րով­հե­տեւ երբ ա­նոնց եր­կու­քը աշ­խար­հի ո­րե­ւէ մա­սին մէջ ի­րա­րու հան­դի­պին, տե­սէ՛ք, թէ ա­նոնք ար­դեօք ­Նոր Հա­յաս­տան մը չե՞ն ստեղ­ծեր»։
Ա­պա՝ հա­յատ­րոփ խո­հե­րու հե­տե­ւեալ փուն­ջով.-
— ­Հա­յե­րե­նը հա­յուն խոր­հուրդն է։
— ­Բա­րին եր­բեք չի մա­հա­նում։ Ե­թե մա­հա­նար՝ աշ­խար­հում մար­դիկ գո­յու­թիւն չէին ու­նե­նայ, ոչ մի տեղ կեանք չէր լի­նի։
— ­Թէեւ անգ­լե­րէն կը գրեմ ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ծնուն­դով ա­մե­րի­կա­ցի մըն եմ, ինք­զինքս կը նկա­տեմ հայ գրող։ ­Գոր­ծա­ծած բա­ռերս անգ­լե­րէն են։ ­Մի­ջա­վայ­րը, ո­րու մա­սին կը գրեմ, ա­մե­րի­կեան է։ Ո­գին, որ կը ստի­պէ ինձ գրել, սա­կայն, հա՛յ է։ Ու­րեմն՝ հայ գրող մըն եմ։ Խո­րա­պէս կը սի­րեմ հայ գրող­նե­րու մեծ ըն­տա­նի­քին պատ­կա­նե­լու պա­տի­ւը։
— Ուր որ կ’եր­թաս՝ պո­ռա՛ ­Հա­յաս­տան։
— Ես հա­յե­րէն գի­տեմ, ա­տի ինձ կ­’օգ­նի անգ­լե­րէն գրե­լու։
— ­Նա հայ կեան­քի եւ մշա­կոյ­թի խորհր­դա­նիշն էր, ինչ երկն­քի տակ էլ որ գտնո­ւէր։ Ես զգա­ցի, որ ­Չա­րենցն իմ եղ­բայրն է։ Ես սի­րե­ցի նրան, հիա­ցայ նրա­նով։ Ես հպարտ էի, որ հայ­րե­նա­կիցն եմ, նրա ա­րո­ւես­տա­կի­ցը։ Ես առ­յա­ւէտ հա­ւա­տա­րիմ կը մնամ ­Չա­րեն­ցի յի­շա­տա­կին։
— Ես գրում եմ, որ յի­շեց­նեմ։ Իսկ դուք կար­դում էք, որ չմո­ռա­նաք։
— Ես հա­յե­րէն չեմ գրում, բայց աշ­խար­հին նա­յում եմ հա­յե­րէն։
— Ա­մէն ճիշդ բան ան­մահ է։
— Պա­տե­րազ­մը ա­մե­նա­սար­սա­փե­լի բանն է, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեանն հա­ւա­սար չա­րիք, դրա հա­մար բո­լո­րը եւ, ի հար­կէ, այդ թւում նաեւ մենք՝ գրող­ներս, ա­մէն ինչ պի­տի ա­նենք պա­տե­րազ­մը կան­խե­լու հա­մար։
— Ես Ա­մե­րի­կա­յի ա­մե­նա­մեծ թեր­թե­րից մէ­կի թղթակ­ցին ա­սա­ցի, որ մենք բո­լորս էլ հայ ենք, որ աշ­խար­հում ա­մէն մարդ մի քիչ հայ է, այ­սինքն՝ ու­զում էի ա­սել, որ մենք բո­լորս նոյն ըն­տա­նի­քին ենք պատ­կա­նում։ Ես իմ ան­ձը չեմ կա­րող ու­րա­նալ, իմ ըն­տա­նի­քը չեմ կա­րող ու­րա­նալ։ Ե­թե ու­րա­նամ՝ չեմ կա­րո­ղա­նայ գրել, իմ գրա­ծը կեղծ կը լի­նի։
— ­Կար­դա­լը մար­դուն գի­տակ է դարձ­նում, գրե­լը՝ շի­տակ։
— Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը շատ է ան­ցո­ղիկ, եւ նրա անշ­տապ ակն­թար­թի ի­մաս­տը պահ­պա­նող նկա­րագ­րու­թիւնն ար­դէն մեծ բան է. ո­րոշ նո­ւա­ճում է գրա­կա­նու­թեան հա­մար։
— ­Միայն քնի մէջ է մարդ ի­րեն ապ­րե­լիս զգում։ ­Միայն քնի մեջ են դա­րե­րը դառ­նում ակն­թարթ, ան­հու­նը վե­րած­ւում է յա­ւեր­ժի ման­րի­կի, շօ­շա­փե­լի մաս­նի­կի։
— Չ­քա­ւո­րու­թիւ­նը գու­ցէ եւ լաւ բան է, սա­կայն սո­վա­ծու­թիւնն ան­տա­նե­լի է…