Հայաստան Պիտի Մասնակցի Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Աշխարհ, Հայաստան

Պիզնես Արմէնիայի եւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ Դամասկոսի 60-րդ միջազգային ցուցահանդէսին ներկայացուելու նպատակով երէկ երեկոյեան Սուրիոյ մայրաքաղաք ուղարկուած են արտահանման ենթակայ ապրանքներու նմուշներ ու գրացուցակներ:

Պիզնես Արմէնիայի hանրային կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ Հոկտեմբեր 6-15 Պիզնես Արմէնիայի աջակցութեամբ առաջին անգամ հայաստանեան արտահանող եւ արտահանման ներուժ ունեցող 34 ընկերութիւններ պիտի մասնակցին Դամասկոսի միջազգային ցուցահանդէսին` ներկայացնելով մեքենաշինութեան, շինանիւթերու արտադրութեան, դեղագործութեան, սննդարդիւնաբերութեան ոլորտները:

«Սուրիան աշխոյժ քայլեր կ՛ընէ տնտեսութեան վերականգնման նպատակով: Սա հայաստանեան տնտեսվարողներու համար լաւ փուլ է` շօշափելու մերձաւորարեւելեան շուկայի պահանջարկը: Դրական արձագանգի պարագային կրնանք ակնկալել արտահանման պայմանագիրներ»,- նշած է Պիզնես Արմէնիայի Արտահանողներու աջակցութեան կառավարիչ Անահիտ Մկրտչեանը:

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս պիտի ներկայացուին նաեւ Հայաստանի գործարար միջավայրի, զբօսաշրջային գրաւչութիւններու վերաբերեալ տպագիր նիւթեր: