Ջրվէժէն Պարանով Իջնել, Թռչիլ ժայռերէն դէպի գետը. Հայաստանի Մէջ Պիտի Զարգանայ Արկածային զբօսաշրջութեան Նոր Տեսակ

Հայաստան

Երեւանեան «ՕՍՄ» հիմնադրամը յայտարարած է Յուլիսի յաղթող նախագիծը` Դանիէլ Արութիւնովի Canyoning-ը:

Նախագիծի նպատակն է Հայաստանի մէջ զարգացնել արկածային զբօսաշրջութեան նոր տարբերակ` canyoningը․ Ատիկա արկածային զբօսանք է կիրճի եւ գետի մէջ: Զբօսանքի ընթացքին պէտք է լողալ, ջրվէժներէ իջնել պարանով, թռչիլ ժայռերէն դէպի ջուր, սահիլ թեք ժայռերու վրայէն, մագլցել եւ այլն: Այդ ճանապարհը հնարաւոր պիտի ըլլայ անցնել 2-6 ժամուան մէջ, գետի հոսանքի ուղութեամբ:

Ինչպէս կը նշուի, Հայաստանի մէջ արդէն կան 4 հետազօտուած գօտիներ, ուր հնարաւոր է կազմակերպել նմանատիպ ժամանց: Հայաստանի կլիման յարմար է՝ համապատասխան գոյքի օգտագործման պարագային՝ զբաղելու այս գործունէութեամբ տարուան մէջ մինչեւ 8 ամիսը:

«ՕՍՄ» հիմնադրամը անկախ մարդոց խումբ է, որ կ՛աջակցի իրականութիւնը աւելի լաւը դարձնող գաղափարներուն: Իւրաքանչիւր ամիս հիմնադրամը կը տրամադրէ 1.000 տոլարին համարժէք փոքր դրամաշնորհ տուեալ ամսուան յաղթող նախագիծին: «ՕՍՄ»-ն հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ դիմորդներուն իրականացնել սեփական մտայղացումները, որոնք կրնան նպաստել մեր հասարակութեան բարելաւման գործընթացին: