Երեւանի Հիմնադրութեան 2800-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկները Տեղի Պիտի Ունենան Հոկտեմբեր 20-21-ին

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ կառավարութեան որոշումով` Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակին նուիրուած «էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութիւնները տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 20-ին եւ 21-ին` Սեպտեմբեր 29-30-ի փոխարէն:

Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան նշած է, որ այս փոփոխութիւնը պայմանաւորուած է Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին:

 «Խնդիրը հետեւեալն է` Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 7-էն 12, որմէ ետք պէտք է տեղի ունենային Երեւանին նուիրուած տօնակատարութիւնները, եւ հաշուի առնելով ձեռնարկներու մեծ ցանկը եւ այն, որ ատոր կազմակերպիչներէն մէկը կը հանդիսանայ Երեւանի քաղաքապետարանը, ինչպէս նաեւ այն, որ ատոր կը նախորդեն Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները, ապա այդ ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպման համար կ՛առաջարկուի կատարել այս փոփոխութիւնը»,- կառավարութեան այսօրուան նիստին ըսած է Պապիկեան: