ԱԿՆԱՐԿ. «Մինչեւ Առուն Ջուր Գայ…»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միջազգային լսատեսողական եւ գրաւոր լրատու աղբիւրներ Երեքշաբթի, 28 Օգոստոսին, լայն արձագանգ եղան Եմէնի ողբերգական վիճակին մասին նոյն օրը լոյս աշխարհ եկած՝ ՄԱԿի խումբ մը մասնագէտներու այն տեղեկագիրին, որ «բոլոր կողմերը» յանցաւոր կը նկատէ աւելի քան 3 տարիէ ի վեր շարունակուող նախճիրներուն եւ կը խոստանայ յառաջիկայ ամիս ամբողջական տեղեկագիր մը ներկայացնել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, հիմնաւորելով իր մեղադրանքները։

0830yemen3

Զօր. Մին Աունկ Հլանինկ

Խմբակին բանբերը՝ Չարլզ Կերըուէյ, լայն տեղեկութիւններ տուաւ տարուած աշխատանքին մասին, հաւաստելով, որ մասնագէտներու խմբակին յայտնաբերած տուեալները «կրնան հետեւցնել տալ, որ պատերազմական ոճիրներ» կը գործուին Եմէնի մէջ։ Գալով մանրամասնութեանց, Կէլըուէյ նշեց, որ Եմէնի կառավարութիւնը, նախագահ Հէտիի գլ-խաւորութեամբ, ու վայելելով Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակից ուժերուն զօրակցութիւնը, անընդհատ յարձակումներ գործած է ու կը շարունակէ հութի ընդդիմադիրներուն դէմ, որոնք զօրակից ունին Իրանը։ Ան բացայայտ դարձուց, որ սէուտցիներու համախմբումին ետին կը կանգնին Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա, այսինքն՝ բոլորն ալ մեղսակից են ու կրնան իրենց «արդար բաժինները» ստանալ յառաջիկայ ամիս խոստացուած ամբաստանագիրէն։

Ոճիրները կատարուած են բազմապիսի ձեւերով. բնակարանային շրջաններու, շուկաներու, հիւանդանոցներու, յուղարկաւորներու եւ հարսնեւորներու ռմբակոծում, քաղաքներու պաշարում, բազմապիսի բռնարարքներ՝ բանտարկութիւն, տանջանք եւ այլն. ըստ պաշտօնական վիճակագրութեանց, 3 տարուան ընթացքին ինկած են աւելի քան 6500 քաղաքային զոհեր, աւելի քան 10,500 վիրաւոր, 3 միլիոն քաղաքայիններ բռնագաղթի ենթարկուած են, 22 միլիոն բնակիչներ սննդանիւթի սուր տագնապի մատնուած են, իսկ ժանտախտը իր «հովանին» տարածած է աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչի վրայ։ Տեղեկագիրը բացայայտ կը դարձնէ, որ զոհերուն թիւը շատ աւելի մեծ է եւ ցաւ կը յայնտէ, որ կողմերը ոչինչ կ՛ընեն անմեղ զոհերուն թիւը նուազագոյնին իջեցնելու համար…

Առաջին ակնարկով, պէտք է գնահատել ՄԱԿի մասնագէտները, որոնք յայտնապէս «առիւծի կաթ» խմած են ու կը յանդգնին նման տեղեկագիրով մը աշխարհի աչքերը բանալ լռութեան մատնուած ողբերգութեան մը վրայ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակով ճիչ բարձրացնել ու արդարութեան սուրը շողշողացնել։ Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է անպայման հարց տալ, թէ նման տեղեկագիրներ ինչո՞ւ այսպիսի ուշացումով հրապարակ կու գան. Իրաքի, Սուրիոյ նախընթացները բաւարար ահազանգ չէին… Պէ՞տք էր 3 տարի սպասել, բազմատասնեակ մանուկներ փոխադրող փոխադրակա՞ռք մը պէտք էր ռմբակոծուէր ու փոխադրուողները զոհաբերուէին մեծերու մրցակցութեան զոհասեղանին վրայ, որպէսզի տեղ մը բան մը շարժէր, յետոյ ալ՝ «կրնան հետեւցնել տալ հաւանական ոճիրներու մասին», մինչդեռ փաստերը իրենց ձեռքին են. արդեօք ինչո՞ւ պէտք է սպասել «մինչեւ գալ ամիս»։ Անկէ ետք, Աստուած գիտէ, թէ Ապահովութեան խորհուրդը որքա՞ն ժամանակի պիտի կարօտի, որպէսզի զսպումի քայլ առնէ, պահ մը մոռնալով, որ նոյն այդ մեծերը անատամ թողած են Ապահովութեան խորհուրդ կոչուող առիւծը։ Վերջապէս, ի՞նչ պէտք է հասկնալ «զոհերուն թիւը նուազագոյնի իջեցնելու» ակնարկութենէն։ Քանի՞ անմեղ զոհ կը նկատուի «նուազագոյն թիւ»…

0830yemen

Ռմբակոծումէն փրկուած մանուկ մը՝ աւերակներու մէջ

Ի դէպ, ՄԱԿի մարդոց «առիւծի կաթ խմած ըլլալուն» մէկ այլ ապացոյցին ականատես եղանք օր մը առաջ, երբ Երկուշաբթի, 27 Օգոստոսին, քննիչներու այլ տեղեկագիր մը նմանօրինակ «ռումբ» մը պայթեցուց, Միանմարի զինուորական պատասխանատուները յականէ անուանէ ամբաստանելով իբրեւ ցեղասպաններ, աշխարհին յիշեցնելով լուսանցքային վիճակի մատնուած ուրիշ ողբերգութիւն մը՝ ռուհինճաներու սպանդն ու բռնագաղթը։ Զոհերուն թիւը անորոշ է, աւելի քան 700,000 բնակիչներ բռնագաղթուած են Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի արժանացած՝ Աունկ Սան Սու Չիի երկրին մէջ, բազմաթիւ գիւղեր ու բնակավայրեր հրկիզուած են, որպէսզի բռնագաղթուածները չմտածեն վերադառնալու մասին. ՄԱԿի տեղեկագիրը կը սպառնայ Լա Հէյի միջազգային ատեանին ներկայացնել միայն… 6 բարձրաստիճան զինուորականներ, գլխաւորութեամբ ընդհանուր հրամանատար զօր. Մին Աունկ Հլանինկի, իբրեւ անմիջական պատասխանատուները ողբերգութեան։ Բնականաբար, նոյն հարցումները կարելի է կրկնել հոս ալ։

Եւ ինչպէ՞ս հարց չդնել՝ «մինչեւ առուն ջուր գայ…»։ Նաեւ՝ «այսօր ո՜վ կը յիշէ…»