Օգոստոս 23-ի Հռչակագիրը Մեկնակէտն Էր Դէպի 1991-ի Սեպտեմբեր 21 Տանող Ճանապարհին. Բաբլոյեան

Հայաստան

Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի 28-րդ տարեդարձի առթիւ:

«1990 թուականի Օգոստոս 23-ին Խորհրդային Հայաստանի 12-րդ գումարման Գերագոյն խորհուրդը վաւերացուց հիմնարար փաստաթուղթ մը, որ կը կրէր «Հռչակագիր Հայաստանի անկախութեան մասին» անուանումը:

«Անոր տասներկու կէտերը կարծես սեղմ ու փոքրիկ Սահմանադրութիւնն էին դեռ չստեղծուած հայոց անկախ ու ժողովրդավարական պետականութեան, եւ անոր բոլոր դրոյթները պիտի սրբօրէն պահպանենք, որովհետեւ միայն այդ ճանապարհով պիտի պաշտպանենք այն ամէնը, որոնք գերակայ արժէքներ հռչակելու համար 1988-ին պայքարի ելանք:

«Նոյնիսկ 28 տարի անց դժուար է ըսել` Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը մեր քաղաքական մտքի մանկութիւ՞նն էր, թէ՞ իրաւական մտքի հասունութեան արտացոլումը:

«Յստակ է, որ անիկա շարունակութիւնն էր Խորհրդային Հայաստանի 11-րդ գումարման Գերագոյն խորհուրդի 1988 թուականի Նոյեմբեր 24-ի անաւարտ մնացած նիստին, երբ խորհրդարանը կէսգիշերը անց յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ այսուհետեւ կը գործեն միայն Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի հաւանութեան արժանացած օրէնքները:

«Զրահամեքենաները մտան Հայաստանի մայրաքաղաք, սակայն խորհրդարանը արդէն վաւերացուցած էր ժողովուրդի կամարտայայտումը:

«Օգոստոս 23-ի հռչակագիրը միաժամանակ կարեւորագոյն ուղենիշն ու մեկնակէտն էր դէպի 1991 թուականի Սեպտեմբեր 21-ը տանող ճանապարհին:

«Այն հռչակագիր էր, բայց անոր տասներկու կէտերէն եւ ոչ մէկը արտայայտիչ բնոյթ չկրեց, այլ մեր պայքարի, զրկանքներու ու զոհողութիւններու շնորհիւ դարձաւ իրականութիւն:

«Օգոստոս 23-ը մեր տօնացոյցին մէջ գրուած է ոսկեայ տառերով եւ դարձած հայութեան քանի մը սերունդներու երազանքը իրականութիւն դարձնելու կամքի ու վճռականութեան խորհրդանիշը:

«Տասնամեակներ պիտի յաջորդեն իրարու, բազմաթիւ օրէնքներ պիտի վերախմբագրուին, փոփոխութիւններ պիտի կատարուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ: Սակայն, ինչպէս մենք, այնպէս ալ գալիք իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է պահպանել Հայաստանի անկախութեան հռչակագրին մէջ ձեւակերպուած այն իսկապէ՛ս ժողովրդավարական ու ազգային արժէքները, խօսքի, մամուլի, խղճի ազատութիւնը, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու իրաւահաւասարութիւնը, որոնք հիմնարար արժէքներ հռչակուեցան 1990 թուականի Օգոստոս 23-ին:

«Բարին ընդ մեզի այդ ճանապարհին»: