«Այստեղ Ձեզ Կը դիմաւորեն Ոչ Թէ Մահակներով, Այլ Ձմերուկներով»․ Թուրք Ճանապարհորդները` Հայաստան Այցի Մասին

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրք ճանապարհորդներ Ազիզ Քիւչուքն ու Միյասէ Փելին Թունչը թրքական gazeteduvar.com.tr կայքի իրենց սիւնակին մէջ կիսուած են դէպի Հայաստան իրենց ուղեւորութեան մասին տպաւորութիւններով:

Թուրք երիտասարդները նշած են, որ Թուրքիոյ իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ կ՛այցելէ Հայաստան, պիտի համոզուի, որ հայերը զինք պիտի դիմաւորեն «ոչ թէ թշնամութեամբ ու մահակներով, այլ ձմերուկներով»:

Ազիզ անունով թուրք ճանապարհորդը հաճելիօրէն տպաւորուած է հայ մաքսաւորի «ազիզ ջան»-ով սկսող ողջոյնը, որմէ ետք ան հասկցած է` եկած են «ջաներու» երկիր:

Թուրքիայէն ժամանած ճանապարհորդները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու:

«Իր հանգստութեամբ, երաժշտութեամբ ու անմար կրակով շատ ազդեցիկ  վայր մըն է», – կը նշեն յօդուածին հեղինակները, որոնց ուշադրութիւնը յատկապէս գրաւած է յուշահամալիրի մէջ չորցած ծաղիկները հաւաքող ու զբօսաշրջիկներու դրամական օգնութիւնները մերժող ծեր տատիկը:

Թուրք զբօսաշրջիկները այցելած են նաեւ Գիւմրի, Էջմիածին, Սեւան, Եղէգնաձոր, Դիլիջան, Քաջարան ու այլ վայրեր` ամբողջ ճանապարհը անցնելով միայն հեծանիւներով ու գիշերելով վրաններու մէջ: