Միշտ կը Սպասենք Ռազմական Գործողութիւններու Վերսկսման, եւ Ոչ Միայն Ատրպէյճանի Կողմէ. ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարար

Հայաստան

Հայկական կողմը միշտ կը սպասէ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման: Այս մասին, ըստ Aysor.am-ի, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան՝ անդրադառնալով Արցախի ՊԲ հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի յայտարարութեան, թէ «առաջնագիծի վրայ  լարուածութեան հնարաւոր աճ կրնայ ըլլալ Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն»։

«Ի դէպ, ո՛չ միայն Ատրպէյճանի կողմէ»,- ըսած է ան։

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ իր վերջին հարցազրոյցը ընկալուած է ուղիղ զգուշացում Ատրպէյճանին, Տօնոյեան արձագանգած է, թէ չի կարծեր, որ իր ըսածէն աւելին պէտք է մեկնաբանել:

«Ես, բացի յայտարարութիւն ընելէն, կը հիմնուիմ մեր զինուած ուժերու ոգիի եւ պատրաստուածութեան վրայ: Այն, ինչ վարչապետն ու պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարեն, մենք պիտի ընենք»,- ըսած է ան։

Դաւիթ Տօնոյեանն օրերս EAdaily-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին մասնաւորապէս ըսած էր. «Հայաստանի կառուցողական դիրքորոշումը պէտք չէ թիւր կարծիք ստեղծէ, թէ Հայաստանը հանդէս կու գայ խաղաղութիւն խնդրողի դերով: Ատրպէյճանին խորհուրդ կու տամ այդքան վստահ չըլլալու այն բանի համար, որ ինքը կը վերահսկէ ռազմական իրավիճակի սրման հարցը: Այնպէս պիտի չըլլայ, որ միջնորդները յաջողին համոզել հայկական կողմը, դադրեցնելու պատասխան պատժիչ գործողութիւնները՝ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման պարագային: 2016 ապրիլեան յարձակման սենարի կրկնուելուն պարագային հայկական կողմը կրնայ եւ չդիմանալ հակառակորդին շեշտակի եւ լայնածաւալ հակազդելու նպատակով իր զինանոցին մէջ առկայ բոլոր միջոցները կիրառելու գայթակղութեան»։

 

Leave a Reply