Ատրպէյճան կը Խաթարէ Խաղաղութեան Մթնոլորտը եւ Մենք Համարժէք Պիտի Պատասխանենք. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ ռազմական հաստատութիւններու շրջանաւարտներուն վկայագրերու յանձնման արարողութենէն ետք՝ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ Ատրպէյճանը իր գործողութիւններով եւ հռետորաբանութեամբ կը խաթարէ խաղաղութեան մթնոլորտը, եւ որ հայկական կողմը համարժէք պիտի պատասխանէ։ Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը:

«Մենք կը կարծենք, որ, այո՛, խաղաղ ճանապարհով հարցի կարգաւորումը կարեւոր եւ հնարաւոր է, բայց մենք կ՝ըսենք նաեւ, որ ատոր համար անհրաժեշտ է համապատասխան մթնոլորտ։ Մենք համարժէք պիտի ըլլան իրավիճակին։ Եթէ Ատրպէյճանը պիտի վերանայի իր մօտեցումը եւ պիտի նպաստէ խաղաղութեան մթնոլորտի հաստատման, մենք այդ իրավիճակին համարժէք պիտի ըլլանք։ Եթէ այլ իրավիճակի ուղղութեամբ երթայ, մենք այդ ուղղութեամբ նոյնպէս պիտի ըլլանք համարժէք՝ անմիջական իրավիճակէն եւ մեր ազգային շահերէն բխող»,- շեշտած է ՀՀ վարչապետը։

Անդրադառնալով Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման՝ Փաշինեան նշած է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան շատ ճիշդ ըրած է, որ Ատրպէյճանի հասցէին կտրուկ յայտարարութիւններ ըրած է:

«Պաշտպանութեան նախարարի աշխատանքն է ոչ միայն այդպիսի յայտարարութիւններ ընելը, այլ նաեւ այդ յայտարարութիւններու բովանդակութիւնը անհրաժեշտութեան պարագային ապահովելը։ Այո՛, մենք կարեւոր կը համարենք Արցախի ներգրաւումը բանակցային ձեւաչափին մէջ։ Ես ըսած եմ, որ կրնամ բանակցիլ ՀՀ անունով, բայց չեմ կրնար բանակցիլ Արցախի Հանրապետութեան անունով, որովհետեւ ԱՀ-ը ունի ատոր համար ընտրուած պաշտօնեաներ եւ կառոյցներ։ Ես ըսած եմ նաեւ, որ մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու եւ նուիրուած ենք հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ջանքերուն։ Այստեղ երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ»,- նշած է վարչապետը:

Նշենք, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ըսած էր, որ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական արկածախնդրութեան պարագային պիտի օգտագործեն ՀՀ ամբողջ սպառազինութիւնը:

 

Leave a Reply