Թուրքիա Արցախի Հարցով Միշտ Կ՛աջակցի Ատրպէյճանին. Ալիեւ՝ Էրտողանի Հետ Հանդիպումէն Ետք

Աշխարհ

Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին վերընտրուելէն եւ նախագահական երդման արարղութենէն միայն մէկ օր ետք, Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, 10 Յուլիսին Ատրպէյճան այցելեց։

Ատրպէյճանէն ետք Էրտողան պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական ինքնահռչակ հանրապետութիւն:

Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` Ալիեւ ըսաւ, թէ Թուրքիա Արցախի հարցով միշտ կ՛աջակցի Ատրպէյճանին՝ աւելցնելով, որ Հայաստան պէտք է հետեւի ՄԱԿի բանաձեւերուն եւ վերադարձնէ Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ հողերը, կը հաղորդէ APA-ը։

Ալիեւ նաեւ յայտնեց, թէ Պաքու Թուրքիայէն կը գնէ ժամանակակից զէնքեր, որոնց մէկ մասը վերջերս ցուցադրուած էին Պաքուիի մէջ կայացած ռազմական շքերթին ընթացքին ու ուրախութիւն յակտնեց, որ այս տարի երկու երկիրներուն բանակները ծրագրած են եօթը համատեղ զօրավարժութիւն, որոնցմէ երեքը արդէն իրականացած է։

Իր կարգին, Էրտողան յայտնեց, թէ այն համոզումը ունի, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ եղբայրութիւնը պիտի շարունակուի եւ ամրապնդուի:

«Ինչպէս յայտնի է, մենք մինչեւ այսօր այդ եղբայրութիւնը պահպանած ենք՝ «մէկ ազգ, երկու ժողովուրդ» բառերով: Մենք առաջին այցելութիւնը կը կատարենք Ատրպէյճան այնպէս, ինչպէս իմ եղբայր Իլհամ Ալիեւը նախագահական ընտրութիւններէն ետք այցելած էր մեր երկիրը»,- աւելցուց ան:

Leave a Reply